2015-05-22 12:03:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 22 մայիսի քարոզը “Յիսուսի ակնարկը”


(Ռատիօ Վատիկան) “Գտանք Մեսիան”։ Այս խօսքով Անդրէաս Առաքեալ կը դիմէ իր եղբօր՝ Պետրոս Առաքեալին։ Առաքեալներու առաջին խանդավառ տպաւորութիւնը եւ ապրումը եւ Յիսուսի՝ Պետրոս Առաքեալին “ակնարկները” կազմեցին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի օրուան պատգամի բնաբանը՝ Ուրբաթ՝ 22 մայիսի Տոմուս Սանթա Մարթայի Ս. Պատարագի քարոզին։

Յիսուս իր ակնարկը կը սեւեռէ Պետրոս Առաքեալի վրայ՝ “Դու ես Սիմոն, որդի Յովնանու։ Պիտի կոչուիս Պետրոս։” Այս ակնարկին կը հետեւի խանդավառութիւնը՝ հետեւելու Տիրոջ։

Յիսուսի երկրորդ ակնարկը մեզ կը տանի դէպի Աւագ Հինգշաբթի օրը՝ ուր Պետրոս Առաքեալ կը կորսնցնէ իր խանդավառութիւնը եւ սէրը։ Երբ Յիսուս ակնարկը կրկին Պետրոսի կ’ուղղէ՝ զղջացեալ առաքեալը “դառնապէս կու լայ”։

Յիսուսի երրորդ ակնարկը կը հաստատէ Պետրոս Առաքեալի առաքելական կոչումը։ Յիսուս հարց կու տայ՝ “կը սիրե՞ս զիս”։ Պետրոս կը տրտմի, որովհետեւ Յիսուս երեք անգամ կ’ուղղէ հարցումը։ Յիսուս կը յանձնէ անոր արածել իր հօտը։

Յիսուսի ակնարկին տակ մենք ալ կ’ապրինք խանավառութիւններ, ապա անկումէն ետք՝ դարձ եւ ապաշխարութիւն, եւ վերջապէս կոչում՝ ըլլալու վկաներ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.