2015-05-22 10:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապի առաքելական ճամբորդութիւնը Սարայեվօ


Յառաջիկայ 6 Յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ միօրեայ այցելութեամբ՝ առաքելական ճամբորդութիւն կը կատարէ՝ Պոզնիա։ 

Պոզնիոյ մէջ Առաքելական նուիրակ կարդինալ  Փիցցութօ,  տեղեկութիւններ տալով Պապին կատարելիք  ճամբորդութեան մասին, յայտնեց՝ թէ մօտաւորապէս 70000 հաւատացեալներ պիտի մասնակցին Ֆրանչիսկոս Պապի  մատուցած սուրբ Պատարագին, որ տեղի պիտի  ունենայ Սարայէվոյի մարզադաշտին մէջ։

Նորին Սրբութեան հետ պիտի համապատարագեն շուրջ 30 եպիսկոպոսներ, գլխաւորութեամբ Զակապրիա թեմի առաջնորդ կարդինլ Պոզանիչին։

Սուրբ Պատարգին ներկայ պիտի գտնուին մօտաւորապէս 1000 քահանաներ եւ  Պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ 1700 երգիչներէ  բաղկացած երգչախումբ մը։

Պապական նուիրակը ապա տեղեկութիւններ տուած է Ֆրանչիսկոս Պապի երիտասարդներուն հետ հանիպումին  մասին, որ տեղի պիտի ունենայ Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան՝ թեմի կեդրոնատեղիին  մէջ, յայտնելով  թէ  մինչեւ այսօր  երիտասարդներուն հանդիպումին մասնակցելու համար արձագագրուած են չորս հազար երիտասարդներ որոնցմէ միայն հազար հոգի  պիտի կարենան մօտէն տեսնել Սրբազան Քահանայապետը։, միւսերը` դուրսէն, մեծ պաստարներու միջոցաւ, պիտի կարողանան հետեւիլ հանդիպումին։ 

Զբօսաշրջութեան գրասենեակը իր գոհունակութիւնը յայտնած է  ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սարայէվօ այցելութեան, քանի բազմաթիւ են զբօսաշրջիկներն ու հաւատացեալները որոնք ներկայ պիտի գտնուին այս առթիւ կազմակերպուած միջոցառումներուն, եկած ոչ միայն Խրուաթիայէն այլեւ Գերմանիայէն, Սլովենիայէն, Իտալիայէն եւ Աւստրիայէն։   

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.