2015-05-22 09:42:00

ՏԱՀԵՇ-ի դրօշները յայտնուած են Փալմիրի հնագիտական համալիրին մէջ


Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ Թատմոր քաղաքը ամբողջութեամբ գրաւելէ ետք մուտք գործած է Փալմիրի հնագիտական համալիր: ԹԱՍՍ կը գրէ, որ խմբաւորման դրօշները արդէն յայտնուած են համալիրին վրայ, ուր կը գտնուին բացառիկ հնագոյն աւերակներ: Մինչեւ օրս պահպանուած հռոմէական փողոցներու, յայտնի կամարի եւ սիւնաշարերու, ամփիթատրոնի, Ժիւփիթերի տաճարի ոչնչացման վտանգը արդէն իսկ իրականութիւն դարձած է:

Հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Սուրիոյ բանակը լքած էր վերջին երեք յենակէտերը, որոնք Փալմիրի շրջանին մէջ կը գտնուէին իր ձեռքը` Դամասկոսէն 240 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: «Սքայնիուզ Արապիյա» կայքը կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները յաջողած են գրաւել Թատմորի օդակայանը, բանտը եւ անվտանգութեան ուժերու կեդրոնատեղին:

Սուրիոյ Թանգարաններու եւ հնութիւններու վարչութեան ղեկավար Մամուն Ապտել Քերիմ զգուշացուցած է, որ Փալմիրին կրնայ սպառնալ ասորեստանեան Նիմրուտ քաղաքի եւ Իրաքի Մուսուլի թանգարանի ճակատագիրը: Ան դիմած է երկրի զինեալ ուժերու հրամանատարութեան եւ միջազգային հանրութեան` կոչ ուղղելով պաշտպանելու «սուրիական անապատի մարգարիտը»: Ըստ անոր, «հնադարեան Փալմիրի պատերուն մօտ պայքար կ՛ընթանայ քաղաքակրթութեան եւ բարբարոսութեան միջեւ»:

«Հիմնական արձաններն ու քանդակները յաջողեցանք դուրս բերել, սակայն ներկայ պայմաններուն մէջ յուշարձաններու տարհանումը անկարելի է», ըսած է ան` մտահոգութիւն յայտնելով, որ վանտալները պիտի պայթեցնեն հնագիտական կառոյցները:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.