2015-05-22 07:56:00

2015՝ տարին կրօնաւորական կեանքի տարի հռչակուած Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ


«Գացէ՛ք ուրեմն, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը ... յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» Մատթ. 28: 19-20:

Ասոնք եղան Յիսուսի վերջին խօսքերը, զորս Ան ուղղեց իր աշակերտներուն, որպէսզի շարունակեն իր Աստուածային առաքելութիւնը, եւ ազգէ ազգ փոխանցեն փրկչական աւետիսը:

Աւելի քան քսան դար անցաւ Յիսուսի գալուստին, եւ հարցումը կը մնայ միեւնոյնը. ի՞նչ կ՛ըսէ այս կոչը մեզմէ իւրաքանչիւրին`  « Գացէ՛ք ուրեմն, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազ•երը ... յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»:

Այս կոչը կղերական կամ կրօնաւորական կեանքի համար չէ միայն, եւ ո՛չ ալ որոշ մշակոյթի մը համար, որովհետեւ Աստուծոյ փրկչագործութիւնը ամբողջ աշխարհին համար է, քանի որ բոլորս ալ անխտիր, ստեղծուած ենք Աստուծոյ պատկերին համաձայն:

«Իմ վկաներս պիտի ըլլաք» կ՛ըսէ Քրիսոտս: Ասիկա Յիսուսի խօսքն է ուղղուած իր հետեւորդներուն: Վկան Յիսուսի մասին խօսողը չէ, եւ ոչ ալ Յիսուսի Փրկիչ ըլլալը ծանուցողը: Մենք վկայ բառը կը գործածենք մէկու մը համար որ աչքով տեսած ու ականջով լսած է բան մը կամ անձ մը: Յովհաննէս առաքեալ խօսելով Յիսուսի մասին՝ կ’ըսէ. «Մենք տեսանք եւ կը վկայենք» (Ա.Յով 1.2): Արդեօք մենք մեր տեսածի՞ն մասին է որ կը վկայենք, թէ՝ չտեսածին: Լսա՞ծ ենք իր ձայնը: Եւ եթէ լսած ենք, մեր սրտին մէջ կրակ մը իջա՞ծ է: Դարձա՞ծ ենք վկան իր սիրոյն, իր գութեան եւ ողորմութեան:

Քրիստոսի վկային դերը կը նմանի դատարանի վկայի դերին. ան ճշմարտութիւնը կը վկայէ եւ կը պատմէ իր տեսածին համեմատ:

Այսօրուան աշխարհը դժբախտաբար լեցուն է պատերազմներով, ոխով եւ նենգութեամբ, եւ վկային դերն է փաստել թէ ո՛չ սէրը գոյութուն ունի եւ ո՛չ ալ հաւատքը առանց անձնազոհութեան: Քահանան կամ կրօնաւորը կոչուած է Քրիստոսի վկան ըլլալու: Քրիստոսի վկան ըլլալու համար պէտք է`

- Յիսուսը ճանչնալ` անձնական փորձառութեամբ: Ի՞նչ կ’արժէ հաւատալ որ Յիսուս Փրկիչ է, բայց չանդրադառնալ որ մենք փրկութեան կարօտ ենք: Ինչո՞վ կ’օգտուինք եթէ կը հաւատանք որ Քրիստոս միջնորդն է մարդկութեան՝ մեր երկնաւոր Հօր դիմաց, բայց չխնդրենք իր միջնորդութիւնը: Մէկը իր ընկերոջ ըսաւ. «Ես գիտեմ որ եթէ վազեմ՝ կը յաղթեմ», ընկերը պատասխանեց. «Այո, ես ալ գիտեմ որ եթէ վազես՝ կը յաղթես, բայց այնքան ատեն որ չես վազեր՝ յաղթանակ չկայ քեզի համար»: Աստուծոյ մասին գիտնալը՝ մեզ յաղթանակի չ’առաջնորդեր, այլ պէտք է վազել դէպի անոր, անով յաղթող դառնալու համար:          

            - Մեղքերու խոստովանութիւնը կատարել Աստուծոյ:

            -Լեցուիլ Ս. Հոգիով, որովհետեւ Ինքն է որ մեզի պիտի յիշեցնէ  Յիսուսին խօսքերը .« Իսկ մխիթարիչը, Ս. Հոգին, զոր Հայրը պիտի ղրկէ իմ անունովս, պիտի սորվեցնէ ձեզի ամէն բան»:

            - Քրիստոսը քարոզել ամբողջ աշխարհին: «Գացէ՛ք ուրեմն, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը ... յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ: Սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել ինչ որ ես պատուիրեցի ձեզի եւ ես ահաւասիկ ձեզի հետ եմ ամէն օր` մինչեւ աշխարհի կատարածը» սովորական կոչ մը չէ, այլ հրաւէր մը ուղղոած ամբողջ մարդկութեան` կղերական եւ աշխարհական դասին, որպէսզի ձեռք ձեռքի տուած` կարենան աշխարհին կոչ ուղղել վերագտնելու Աստուծոյ պատկերը` սիրոյ եւ խաղաղութեան պատկերը: Խաղաղութիւնը Սուրբ Հոգիին արդիւնքն է, ինչպէս կ՛ըսէ սուրբ Պօղոս: Ուստի Ինչպէս նիւթական այս աշխարհին մէջ երբ չկայ խաղաղութիւն՝ կեանքի ուրախութիւնը նաեւ չ՛ըլլար, նոյնպէս ալ մտաւոր եւ հոգեւոր աշխարհին մէջ, որքան ատեն որ փոթորիկ կայ, որքան ատեն որ տակաւին խաղաղութեան դրօշը չէ որ կը ծածանի հանդարտ կերպով՝ այնքան ատեն մեր սիրտերն ու միտքերը չեն կրնար բարեացակամութիւն եւ հաճութիւն բերել, սէր եւ խնդութիւն ծնիլ, կատարեալ ուրախութեամբ եւ երջանկութեամբ աճիլ ու յորդիլ»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.