2015-05-21 08:23:00

ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչները գրաւեցին Փալմիրան։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրիոյ մէջ, չորեքշաբթի` 20 մայիսին, ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչական զինեալները գրաւեցին սուրիական հնադարեան Փալմիրա քաղաքը որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան  ցանկին մէջ կը գտնուի։

Քաղաքին բնակչութիւնը սկսած է փախուստ տալ մինչ Սուրիոյ հնութիւններու նախարարը յայտնեց թէ հարիւրաւոր հնադարեան արձաններ արդեն փոխադրուած ու ապահով տեղ տեղադրուած են զանոնք ազատելու դիտմամբ ՏԱՀԵՇ-ի վայրագութիւններէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.