2015-05-20 12:30:00

Ֆրաչիսկոս Պապին հրաւէրը միանալու իտալացի եպիսկոպոսներու աղօթքին ի սպաս հալածուած քրիստոնաներուն։


Չորեքշաբթի, 20 մայիսի ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիկսոս Քահանայապետը ակնարկելով իտալիոյ  եպիսկոպոսաց  համահաւաք դասի 68-րդ նիստէն բխած առաջարկին ըսաւ`

Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց դասը առաջարկած է որ բոլոր թեմերուն մէջ՝ Պենտեկոստէի տօնին հսկումի առթիւ,  յիշատակուին այդ  անթիւ  կամ սպաննուած աքսորուած  եղբայրներն ու քոյրերը պարզապէս իրենց քրիստոնեան ըլլալնուն պատճառաւ։ Ասոնք նահատակներ են։ Կը մաղթեմ – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ­ որ սոյն աղօթքի պահը աճեցնէ գիտակցութիւնը, որ կրօնական ազատութիւնը  մարդկային անզիչելի իրաւունք մըն է, ինչպէ նաեւ աւելցնէ  զգայնութիւնը հանդէպ ժամանակից քրիսոտնենրուն հալածանքին եւ վերջ դրուի սոյն անընդունելի ոճիրին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.