2015-05-20 09:36:00

Հայկական մշակոյթի շաբաթ Թոքիոյի մէջ


Թոքիոյի «Տայգանեամա Հիլսայտ դէրաս» սրահին մէջ,  Մայիս 19-ին,  Ճաբոնի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող ճաբոնական կոմիտէին աջակցութեամբ՝ մեկնարկեց Հայկական մշակոյթի շաբաթը` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատւութեան գրասենեակը։

Մեկնարկին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ճաբոնի մէջ ՀՀ դեսպան Հրանդ Պօղոսեան: Հիւրերուն ներկայացնելով մշակութային շաբթուան ընթացքին նախատեսուած ձեռնարկները` դեսպանը նշեց, որ Հայկական մշակոյթի շաբաթը նպատակ ունի ճաբոնցի հասարակութեան առաւել ճանաչելի դարձնել Հայաստանը` իր պատմութեամբ ու արուեստով: Ան գոհունակութիւն յայտնեց այն առիթով, որ ձեռնարկին հայկական մշակոյթը կը ներկայացուի ոչ միայն հայ, այլեւ ճաբոնցի արուեստագէտներու աչքերով, որ արդէն իսկ հայ-ճաբոնական մշակութային մերձեցման վկայութիւն է:

Մշակոյթի շաբթուան ընթացքին պիտի ցուցադրուին հայ եւ ճաբոնցի ժամանակակից արուեստագէտներու աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ Թոքիոյի ճարտարագիտական համալսարանի փրոֆէսըր Սասանոյի եւ Վասետա համալսարանի փրոֆէսըր Մորիի` հայկական եկեղեցիները պատկերող լուսանկարները` «Հայկական քրիստոնէական ճարտարապետութիւնը» եւ «Այցելելով աշխարհի հայկական եկեղեցիներ» խորագիրներով: Առանձին սրահի մէջ պիտի ներկայացուին «Գէոդոյի Սէյգա» համալսարանի պատուաւոր փրոֆէսըր Նակաոգայի աշխատանքները։ Վերջինս արդէն քանի մը տարի է Հայաստանի մէջ ճաբոնական Դագու-հոն մեթոտով կը պատճէնագրէ հայկական խաչքարերը:

Պիտի ցուցադրուին նաեւ հայ փոքրիկներու քանի մը տասնեակ աշխատանքներ: Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն միջազգային մամուլի անդրադարձերու առաջին էջերու պատկերներով ճաբոնցի հասարակութեան պիտի ներկայացուի աշխարհի արձագանգը եւ վերաբերմունքը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, պիտի ներառուին նաեւ ճաբոնական տպագիր նիւթերու սակաւաթիւ անդրադարձերը` հեղինակներու կենսագրութեամբ:

Մշակոյթի շաբթուան ընթացքին պիտի իրականացուին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ հայ ճարտարապետութեան աւանդոյթներուն նուիրուած դասախօսութիւններ ճաբոնցի մասնագէտներու կողմէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.