2015-05-19 08:35:00

ՏԱՀԵՇ-ը բռնագրաւած է Ռամատին եւ կը մօտենայ Պաղտատին։


Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Էլիս Սմիթ յայտնած է, որ եթէ նոյնիսկ իրաքեան Ռամատի քաղաքին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները «առաւելութիւն ստացած են», ապա ատիկա պիտի չյանգեցնէ ընդհանուր առմամբ Իրաքի զինեալ ուժերու պարտութեան:

«Վերջ ի վերջոյ, դաշնակից ուժերը պիտի աջակցին իրաքեան զինեալ ուժերուն եւ վերստին ձեռք պիտի բերեն քաղաքը» նշած է Սմիթ:

Նշենք, որ Իրանի պաշտպանութեան նախարար Հիւսէյն Տահքան երէկ Պաղտատ այցելեց` իր իրաքցի պաշտօնակից Խալետ Օպէյտիի հետ «խորհրդակցական ժողով» մը գումարելու համար:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք Սէուլի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ ՏԱՀԵՇ Ռամատին գրաւելով մարտական ձեռքբերում մը արձանագրած է, սակայն աւելցուց, որ շրջանին մէջ իրաքեան զինուորական պատրաստուածութիւնը անհրաժեշտ մակարդակի վրայ չէր, եւ կացութեան «մօտալուտ յեղաշրջում» մը խոստացաւ:

Նշենք, որ Ռամատին կը գտնուի մայրաքաղաք Պաղտատէն 180 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Երէկ հաղորդուեցաւ, որ ՏԱՀԵՇ Ռամատիի մէջ անցնող 2 օրուան ընթացքին 500 անձ սպաննած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.