2015-05-18 11:01:00

Վիեննայի մէջ մեծ հանդիսաւորութեամբ տեղի ունեցաւ «Եւրատեսիլ 2015»-ի բացումը


Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական` 60-րդ «Եւրատեսիլ» երգի մրցումի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Մրցումին կը մասնակցին 40 երկիրներու պատուիրակութիւններ: Մրցումին բացումը կատարած է անցեալ տարի յաղթած  Քոնչիթա Վիւրսթ:

Յայտնենք, որ «Եւրատեսիլ-2015» երգի մրցումին Հայաստանը կը ներկայացնէ Genealogy խումբը` «Առերեսուիր ստուերներին» երգով: Genealogy-ին  ելոյթը տեղի պիտի ունենայ 19 մայիսին, անիկա կը կրէ 2 թիւը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.