2015-05-18 12:04:00

Պոլիվիայի Եկեղեցին կը պատրաստուի Քահանայապետի այցելութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկու ամիս կը պակսի Ֆրանչիսկոս Պապին Պոլիվիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան, որ տեղի պիտի ունենայ` 8 – 10 յուլիս 2015։

Մինչ այդ տեղական եկեղեցին մեծ խանդով կը պատրաստուի այդ թուականին եւ անցեալ կիրակի` երկրի բոլոր ժողովրդապետութիւններուն մէջ, դրամահաւաք մը կազմակերպուեցաւ ֆինանսաւորելու համար Քահանայապետի հիւրընկալութեան աշխատանքները։

''Որպէս Եկեղեցի ամէնքս կը համագործակցինք ֆինանսական օժանդակութիւն  ապահովելու մեր Տիեզերական  Հովիւի, մեր երկիրը կատարելիք այցելութեան, եւ երբ այս համագործակցութիւնը կայ, կ՛ընդունինք Տիրոջ Օրհնութիւնը'' հաստատեց առաքելական ճամբորդութիւնը կազմակերպիչ կոմիտէի անդամ` Հայր Խօսէ Ֆուենդէս, մատնանշելով թէ Պոլիվիայի եկեղեցին աղքատ եկեղեցի է եւ թէ կազմակերպիչները իրենց բոլոր ջանքը կը դափեն որպէսզի հովուական այցելութիւնը ամենայն յաջողութեամբ անցնի։

Յայտնենք թէ առաքելական ճամբորդութեան առթիւ բացուած է նաեւ նոր կայքէջ մը որ հասանելի է հետեւեալ հասցէին` www.franciscoenbolivia.org, ուր զետեղուած է Քահանայապետի նկարը ու գրութիւնը մը` ''Ֆրանչիսկոսին հետ միասին կը հռչակենք Աւետարանի ուրախութիւնը''։

Յայտնենք նաեւ  թէ Ֆրանչիսկոս Պապը Պոլիվիա կը հասնի Էքուատոր կատարած առաքելական այցելութեան աւարտին` 8 յուլիսի յետմիջօրէի ժամը 16,15-ին ու իր կեցութեան երեք օրերու ընթացքին նախատեսուած են զանազան ձեռնարկներ, արարողութիւններ եւ հանդիպումներ,  որոնց աւարտին Սրբազան Հայրը կ՛ուղղուի դէպի  ճամբորդութեան երրորդ հանգրուան` Փարակուայ ուր պիտի մնայ մինչեւ 12 յուլիս եւ 13 յուլիսին կը վերադառնայ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.