2015-05-18 11:06:00

Ամերիկեան մասնայատուկ ուժեր Սուրիոյ մէջ սպաննեցին ՏԱՀԵՇ-ի քարիւղի նախարարը


Ամերիկեան մասնայատուկ ուժեր Սուրիոյ մէջ հազուադէպ տեսակարար ցամաքային գործողութեան մը ընթացքին սպաննեցին ՏԱՀԵՇ-ի բարձրաստիճան ղեկավարներէն Ապու Սայեաֆը եւ գերեվարեցին անոր կինը: Ապու Սայեաֆ ՏԱՀԵՇ-ի քարիւղի, կազի եւ ելեւմուտքի մարզի գործողութիւններուն, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեանց պատասխանատուն էր:

Փենթակոն յայտարարեց, որ ամերիկեան ուժերը փորձած են ձերբակալել զինք, սակայն ան հրացանաձգութեան ընթացքին սպաննուած է:

Ասիկա առաջին անգամն է, որ ամերիկեան ուժեր Սուրիոյ մէջ ցամաքային գործողութիւն մը կը կատարեն: Գործողութիւնը կատարուած է Իրաքի մէջ հաստատուած ուժերու կողմէ` նախագահ Պարաք Օպամայի հրամանով:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ Ապու Սայեաֆ թունուզցի էր: Միացեալ Նահանգներ յայտնեցին, որ գործողութիւնը կատարուած էր իրաքեան իշխանութիւններուն «ամբողջական համամտութեամբ», սակայն սուրիական կառավարութիւնը նախօրօք տեղեակ չէ պահուած:

Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհուրդի բանբեր Պեռնատեթ Միհըն յայտնեց, որ «Մենք (նախագահ Պաշշար Ասատի) վարչակարգը զգուշացուցած ենք Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մեր ընթացող գործողութիւններուն միջամտելէ»` աւելցնելով. «Ասատի վարչակարգը (ՏԱՀԵՇ-ի դէմ) կռիւին գործընկեր մը չէ եւ չի կրնար ըլլալ»:

Փենթակոն յայտարարեց, որ ամերիկեան մասնայատուկ ուժերը գերեվարած են Ապու Սայեաֆի կինը եւ ՏԱՀԵՇ-ի 13 զինեալներու դիակներու հետ փոխադրած Իրաքի Մայատին քաղաքը: Գործողութեան ընթացքին սպաննուած են ՏԱՀԵՇ-ի 32 զինեալներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.