2015-05-17 12:08:00

ֆրանչիսկոս Պապին Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 17 Մայիսի առաւօտեան կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահած սրբադասման արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը նոյն վայրէն, արտասանեց Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը որուն սկիզբը ողջոյնի խօսք մը ուղղեց բոլոր ներկաներուն ու պատկան իշխանութիւններուն­, ժամանած Պաղեստինէն, Ֆրանսայէն, Իտալիայէն, Իսրայէլէն եւ Յորդանանէն ու ապա մաղթանք յայտնեց որ նոր սրբուհիներու ողորմածութեան, սիրոյ եւ հաշտութեան օրինակէն ներշնչուելով անոնց երկրի բոլոր քրիստոնեաները յոյսով նային ապագային, շարունակելով եղբայրական զօրակցութեան եւ համակեցութեան ճանապարհը։

Ան ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը ներկայ գտնուող հաւատացեալներուն վերյիշելով երէկ` Վենետիկի մէջ, Երանելի հռչակուած Հայր Լուիճի Քապուրլոթթոն` ժողովրդապետ, դաստիարակ, ու հիմնադիր` Սուրբ Յովսէփի դուստրներ միաբանութեան ու ապա հրաւիրեց որդիական սիրով դիմելու Սուրբ Կոյս Մարիամին` Եկեղեցւոյ Մայր, Սուրբերու Թագուհի եւ բոլոր քրիստոնեաներու տիպար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.