2015-05-16 09:33:00

Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցին շուքին տակ


Հայ Ժողովուրդի դէմ կատարուած ոճիրները մարդկութեան պատմութեան մէջ աննախընթաց են եւ պիտի մնան իւրայատուկ իրենց զազիր նկարագրով։ Ոչ միայն ցեղասպանութիւնը անմարդկային դաժանութեամբ կատարուած է, այլ եւ աշխարհի եւ յատկապէս այսպէս կոչուած «քրիստոնեայ» եւ «քաղաքակիրթ» երկիներու անտարբերութիւնը այս անորակելի ողբերգութեան կու տայ աւելի դժոխային բնոյթ մը։

«Ինչն է մեր պատասխանատուութիւնը»։ Այսպէս խորագրուած գլխով՝ Միխայէլ Հեզեման կը փակէ ցեղասպանութեան նուիրուած իր ուսումնասիրութիւնը (Michael Hesemann, Völkermord an den Armeniern. Mit unveröffentlichten Dokumenten aus dem Geheimarchiv des Vatikans über das größte Verbrechen des Ersten Weltkrieges, München 2015)։

Ասկէ առաջ անդրադարձած էինք Միխայէլ Հեզեմանի հրատարակած գրքին։ Այսօրուան հաղորդումին մէջ մեզ կը հետաքրքրէ գրքին վերջին գլուխը։

«Այն ինչ որ կատարուած էր ասկէ մէկ դար առաջ - կը գրէ հեղինակը - ամփոփուած է փաստաթուղթի մը մէջ, որ երեւան բերի Վատիկանի Գաղտնի Դիւանի՝ Կոստանդնուպոլսոյ Առաքելական Պատուիրակութեան թղթածրարին մէջ։»

Յառաջ բերուած փաստաթուղթը, ըստ հեղինակին՝ գրուած է հաւանաբար 1916 թուականի յունուարին կամ փետրուարին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի կողմէ։

Հեզեման այս փաստաթուղթը հրատարակած է ամբողջութեամբ։ Այստեղ հաղորդումի սահմանափակ ըլլալուն պատճառով՝ բնագիրը յառաջ կը բերենք յապաւումներով։

«Օսմանեան Կայսրութիւնը՝ թուրքիոյ հայերուն՝ թշնամի ուժերու հետ գաղտնի դաշնակցութիւն մը եւ երկրի ներքնամասերուն մէջ պետական իշխանութիւններու դէմ յեղափոխութիւն մը վերագրելէ ետք, 1915ի ապրիլէն ի վեր քաղաքականութիւն մը սկսած է կիրարկել, որ նպատակ ունի հայերու բնաջնջումը։ Վանի ժողովուրդի հայ եւ թուրք բնակչութեան միջեւ եղած հակամարտութիւնը, Զէյթունի մէջ քանի մը հայ զինուորներու դասալքումը, եւ գրեթէ հարիւրի չափ գտնուած զէնքեր եւ քանի մը հայերու մօտ գտնուած ռումբեր՝ ծառայեցին իբր պատրուակ՝ արդարացնելու զազրելի հալածանքները։ Ամէն մարդ գիտէ, որ պետութիւնը պատերազմի սկիզբին ոճրագործներ արձակեց բանտերէն, որպէսզի չէթէ կոչուած հրոսախումբերը կազմեն, որոնք արեւելեան՝ յատկապէս հայերու կողմէ բնակեցուած նահանգներուն մէջ՝ ի գործ դրուեցան։ Այս չէթէները սկսան հայերու գիւղերը կրակի տալ, անոնց կիները եւ երիտասարդ աղջիկները պղծել եւ անոնց երեւելիները սպանել։

Պետութեան կատարած հաստատումը՝ թէ հայերը զէնքեր ապահոված էին եւ յեղափոխութիւն մը կը ծրագրէին՝ պարզապէս զրպարտութիւն է։

....

Լաւագոյն փաստը՝ թէ հայերու կողմէ նկատուած յեղափոխութիւն մը բոլորովին անհիմն է, արդէն այն իրողութիւնն է՝ որ պետութիւնը միայն Միտհադ Փաշայի (մեծ վեզիր եւ ազատ որմնադիր) ծրագիրը գործադրեց, որ արդէն Թուրքոյ մէջի քրիստոնեայ տարրերը կ՝ուզէր ոչնչացնել, մինչ հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերը եռանդով կը ջանային իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնները կատարել։ Երիտասարդները՝ մեծ թիւով զինուորական ծառայութեան արձանագրուելով, վաճառականները, դրամատէրերը եւ ունեւորները՝ իրենց ստուացուածքը դնելով պետութեան տրամադրութեան տակ, դպրոցները, հիւանդանոցները եւ հայ համայնքի այլ հրապարակային կառոյցները՝ իրենց դռները բանալով զինուորական գործածութեան համար։

.....

1 200 000 հայեր արեւելեան նահանգներէն միայն, իսկ ընդամէնը նոյնիսկ 2 000 000, աքսորուեցան  եւ գերիներու երամակներու նման դէպի Միջագէտքի եւ Սիւրիոյ անապատները առաքուեցան։ Այս տեղահանութիւններու ժամանակ մեծ մասամբ այր մարդիկ իրենց կիներէն եւ զաւակներէն զատուեցան։ Ետ մնացած անպաշտպան կիները եւ աղջիկները շատ անգամ իրենց հայրենիքին մէջ կամ ճանապարհի վրայ արեւանգուեցան եւ թրքական կանանոցներու մէջ տարուեցան։ Բոլոր վայրերուն մէջ՝ տեղական պաշտօնէութիւնները երկու սեռի երեխաներ խեղճ մայրերէն կորզեցին եւ թուրքերուն յանձնեցին։ Արեւելեան եօթ նահանգներու այր մարդիկը գրեթէ բոլորը անգթօրէն սպաննուեցան, ոմանք իրենց հայերնիքին մէջ, ոմանք ճանապարհի վրայ, երբեմն չէթէներու խմբակներէ, երբեմն երկրի ոստիկաններէն։ Մնացեալները՝ մեծ մասամբ ծեր կիներ եւ երեխաներ, առանց հացի, շատ անգամ մերկ եւ անպաշտպան՝ ստիպուեցան բազմիցս երեքէն մինչեւ չորս ամիսներ դաշտերու եւ լեռներու վրայ թափառիլ, եւ վերջապէս, մեծապէս կոտորակուած՝ անապատ հասնելու համար։ Շատ մը կիներ եւ երեխաներ անխղճօրէն կոտորուեցան, ողջ թաղուեցան կամ գետերու մէջ նետուեցան, որոնք օրեր շարունակ մարդկային արիւնով կարմիր ներկուեցան եւ մարդկային դիակներով խճողուեցան։

.....

Եկեղեցիներ եւ վանքեր առանց խտրութեան կողոպտուեցան եւ սրբութիւնները եղծուեցան եւ սրբապղծուեցան։ Պետութիւնը հայերու շարժական եւ անշարժ գոյգերը, եկեղեցիները եւ նոյնիսկ դրամատուներու բաժինները բռնագրաւեց։ Այս պետական կողոպուտը արդարացնելու համար՝ առանձին օրէնք մը ընդունուեցաւ։

Եօթ նահանգներու բոլոր քրիստոնեաները՝ Քաղդէացիներ, Ասորիներ, եւ Յակոբիկեաններ՝ նոյն ճակատագրին ենթարկուեցան. փաստ մը՝ որ հալածանքը ոչ միայն քաղաքական, այլեւ կրօնական է՝ գործադրուած ճիհատի միջոցաւ, որուն խալիֆայութիւնը կոչած էր։

Յստակ է՝ որ այս բոլոր դէպքերը թրքական կառավարութեան բացայայտ հրամանով եւ օսմանական կայսրութեան բոլոր պաշտօնէութիւններու համագործակցութեամբ կատարուեցան։ Այն սակաւ անհատները, որոնք այս զազրագործութիւններէն ճողոպրեցան, պարտադրուեցան իսլամ կրօնքը ընդունելու։ Կիներու եւ աղջիկներու պարտադիր կրօնափոխութիւնները հազարներու կը հասնին։ Նաեւ այր մարդիկ, որոնք կը ծառայէին օսմանեան դրօշին տակ՝ պարտադրուեցան ընդունելու իսլամութիւնը։

Արդ, Թուրքիոյ հայ ժողովուրդը՝ գրեթէ 1 000 000 այր մարդիկ կորսնցնելէ, եւ թրքական կանանոցները հայ կիներով եւ երեխաներով լեցուելէ ետք, դատապարտուած է՝ անդադրուն հալածանքներու եւ անօթութեան զոհը դառնալու։

Ժողովուրդի մը բնաջնջումը, որ մարդկային պատմութեան մէջ աննախընթաց է, վերջին տաս ամիսներուն կատարուած է Թուրքիոյ մէջ եւ տակաւ մինչեւ այսօր կը շարունակուի։»

Փաստաթուղթը կը փակուի հետեւեալ հարցադրումով՝ «le monde chrétien et civilise restera-t-il indifferent? - Քրիստոնեայ քաղաքակիրթ աշխարհը անտարբե՞ր կը մնայ։»

 








All the contents on this site are copyrighted ©.