2015-05-16 10:33:00

Է. Կիրակի Յինանց երկրորդ Ծաղկազարդ Յովհ. 12, 12-23


Հայ եկեղեցւոյ ծիսական դրութեան համաձայն, Յինանց այս եօթներորդ Կիրակին կոչուած է Երկրորդ Ծաղկազարդ, պարզապէս անոր համար որ այսօրուան աւետարանը, կը պատմէ Յիսուսին դէպի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին դրուագը:

Այս պարզ բացատրութեան կողքին, ուրիշ գեղեցիկ բացատրութիւն մըն ալ կայ այս կիրակիին Երկրորդ Ծաղկազարդ կոչուելուն: Օրուան խորհուրդը մեզի կը փոխանցէ Պահլաւունի մեծ տոհմի հայրապետներէն` Գրիգոր պահլաւունի Կաթողիկոսը (990-1059):

Եկեղեցական ու ազգային աւանդութեան մը համաձայն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Խոր Վիրապ իր բանտարկութեան միջոցին, կ՛ընդունէր այցելութիւնը հրեշտակի մը, որ իր տառապանքներուն ու նեղութիւններուն մէջ կը մխիթարէր ու կը զօրացնէր զինքը:

Համբարձման չորրորդ օրը, հրետշակը կը բացակայի. յաջորդ օրը, երբ Սուրբ Գրիգոր կը հարցնէ պատճառը իր բացակայութեան, հրեշտակը կը պատասխանէ թէ ամէն տարի, Քրիստոսի երկինք յաղթական Համբարձումը փառաբանելու համար, հրեշտակներու ինը դասակարգերը հերթաբար, ինը օրեր շարունակ, հանդէսներ կը սարքեն: Ինք չորրորդ դասուն պատկանելու համար չկրցաւ այդ օրը այցելել Գրիգորին, որովհետեւ պէտք էր հրեշտակաց խումբին հետ ըլլալ, մասնակցելու Քրիստոսին երկինք Համբարձման չորրորդ օրուան հանդիսութիւններուն:

Ուստի, Հայաստանեաց եկեղեցին Համբարձումի տօնէն անմիջապէս վերջ եկող կիրակին երկրորդ ծաղկազարդ կը կոչէ: Ասով կ՛ուզէ մեզի պատկերացնել Յիսուսին յաղթական մուտքը` երկինքի մէջ:

Ինչպէս Ծաղկազարդի օրը Յիսուս «Ովսաննա»-ներով եւ ուրախութեան բարձր աղաղակներով ընդունուեցաւ ամբոխի կողմէն, նոյնպէս Համբարձման օրը, հրեշտակներու եւ սուրբերու մեծ հանդիսութեամբ յաւիտենական թագաւորը վերադարձաւ իր արժանավայել փառքը` Վերին Երուսաղէմը:

Ծաղկազարդի խորհուրդը` լոկ համեստութիւնն է. համեստութեան եւ խոնարհութեան վերջին ու բացայայտ փորձն էր Յիսուսի: Ուստի, Յիսուս հանդիսաւորապէս` իշու աւանակին վրայ նստած Երուսաղէմ մուտք կը գործէ, եւ ո՛չ թէ ձիու վրայ, ինչպէս սովոր էին թագաւորները ընել: Ինչո՞ւ: Պարզապէս որովհետեւ ձին խորհրդանիշ է կռիւի եւ պատերազմի: Մինչդեր էշը խաղաղութեան եւ համեստութեան նշան է: Իր այս արարքով` Յիսուս նոյնպէս իրականացուց Զաքարիա մարգարէին խօսքը, նոյնացաւ մարգարէին հետ թէ. «Երուսաղէմի ըսէք. - Ահաւասիկ կու գայ թագաւորդ անիկա հեզ է, նստած` իշու աւանակին վրայ» (Զք. 9.9, Մտ 21.5): Երբ Դաւիթ մարգարէն Երուսաղէմ մտաւ, ինքն ալ իշու վրայ նստած մտաւ:

Յիսուս չխանդավարուեցաւ բացագանչիւթիւններէն, որովհետեւ գիտեր որ իր փառաւորութեան ժամը հասած է. «հասաւ ժամը, եւ Մարդու Որդին պիտի փառաւորուի»: Գիտակից էր որ խոնարհեցումի ու նախատինքի պահը հասած էր. այլ խօսքով` թէ այս միեւնոյն ժողովուրդը որ այսօր կը պարէ ու կը ծափէ, մի քանի օր ետք պիտի աղաղակէ եւ պիտի ըսէ. «ի խաչ հան »:

 

Այսօրուայ աւետարանին դրուագը` Յիսուսի յաղթական մուտքը դէպի Սուրբ քաղաքը Երուսաղէմ մեզ կը յիշեցնէ թէ կեանքը ճանապարհորդութիւն մըն է դէպի երկնաւոր  հայրենիքը: Մենք պանդուխտներ ենք այս աշխարհի մէջ: Մեր իսկական հայրենիքը` երկինքն է: Եթէ կ՛ուզենք արժանանալ երկինքի արքայութեան, եթէ կ՛ուզենք համբարնալ Յիսուսի հետ պէտք է խոնարհինք:

Խոնարհութիւնը մեծագոյն առաքինութիւնն է, որով բոլոր սուրբերուն, նահատակներուն եւ մարտիրոսներուն կեանքը զարդարեց: Պատիւները, գովասանքները եւ «ովսանանները» (Ովսաննա բառը եբրայերէնով կը նշանակէ կեցցէ՛, ապրի՛) չէ՛ որ մարդս կ՛ուրախացնեն, որովհետեւ անոնք կը տրուին մարդկային խանդավառութենէն մղուած: Անոնք փրփուրի պէս կը շոքիանան: Ճշմարիտ փառքն ու պատիւը միշտ փախստական են. կը փախչին անկէ որ զիրենք կը փնտռէ, եւ կը հետեւին անոր որ զիրենք կ՛արհամարէ. նման շուքին` որ կը հետեւի փախչողին, ու կը փախչի զինքը բռնել ուզողէն:

Հրաւիրենք Յիսուսին, որպէս զի ըլլայ մեր հոգիներուն թագաւորը, թագաւորական մուտք գործէ մեր սրտերուն եւ մեզի շնորհէ իր խոնարհութիւնն ու հեզութիւնը, որոնք իսկական բանալիներն են երկինքնի արքայութեան: Առածը կ՛ըսէ. «բոլոր ճամբաները Հռոմ կը տանին», սակայն յիշելու ենք որ երկինք տանող միակ ճամբան` խոնարհութիւնն է: Չ՛ըլլանք խոնարհ շրթունքով, այլ սրտով ու գործով, ինչպէս պիտի պատուիրէր մեզի Քրիստոս. «Սորվեցէք ինձմէ որ հեզ եմ եւ խոնարհ եմ սրտով»: 








All the contents on this site are copyrighted ©.