2015-05-15 12:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 15 մայիսի քարոզը


Ուրբաթ, 15 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուայ սուրբ գրային ընթերցումէն քաղուած՝ երկու բառերու վրայ` վախ եւ ազատութիւն։

Վախը՝   վնաս կը պատճառէ, եւ կը տկարացնէ ինչպէս նաեւ  անշարժութեան կը մատնէ։.

Այն անձը,  որ կը վախնայ,  անշարժ կը մնայ եւ բան մը չի գործեր։ Վախկոտ անձը կեդրոնացած կը մնայ իր անձին վրայ այն մտահոգութեամբ՝ թէ  բան մը պատահի իրեն։

Վախկոտ քրիստոնեան ուրեմն՝  չէ հասկցած  Յիսուսի տուած պատգամը։

 

՝՝Ասոր համար Յիսուս ըսաւ Սուրբ Պօղոսին , մի վախնար  եւ շարունակէ քարոզե՝լ՝՝։

 

Վախկոտ անձը բանտարկուած հոգի ունի եւ զուրկ է  ազատութենէ եւ չի կրնար բան մը ստեղծագործել եւ բարիք ընել, ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ակնարկեց վախկոտ հասարակութիւններուն յայտնելով՝ թէ անոնց համար ամէն ինչ արգիլուած է։ Անոնք կը դիմեն միայն հաստատ եւ վստահ բաներու,  կարծես՝ թէ  անոնց հաստատութեան մուտքի դռան վրայ գրուած ըլլայ ՝՝ մուտքը արգիլուած է, ամէն ինչ արգիլուած է՝ մտավախութեան պատճառով։ Հետեւաբար, անձ մը հոն չի համարձակիր  մուտք գործել՝ ապականած օդին պատճառով,  եւ որովհետեւ հիւանդ հասարակութիւն է։

 

Քաջութեան պակասութիւնը կը հիւանդացնէ հասարակութիւն մը, հաստատեց Քահանայապետը  ապա՝ ներկայացուց տարբերութիւնը  վախի եւ  Աստուծոյ հանդէպ երկիւղի միջեւ, մատնանշելով, թէ  Աստուծոյ հանդէպ  պաշտամունքի երկիւղը՝  առաքինութիւն եւ Սրբութիւն է։ Սոյն երկիւղը չի տկարացներ եւ անշարժութեան չի մատներ, ընդհակառակը՝ մեզ յառաջ կը մղէ դէպի Տիրոջ առաքելութեան։

 

Նորին Սրբութիւնը հուսկ՝ անդրադառձաւ  ուրախութեան մասին հաստատելով, թէ Յիսուս կ՛ըսէ ''Ոչ մէկը կրնայ յափշտակել ուրախութիւնը'' ։ ''Դժուար եւ տխուր պահերուն ուրախութիւնը կը վերածուի անդորրութեան   աւելցնելով՝ թէ Քրիստոնեայ մը առանց ուրախութեան քրիստոնեայ չի նկատուիր։

Քրիստոնեայի մը  ուրախութիւնը պարզ հրճուանք մը չէ, անցողական ուրախութիւն չէ ։

Այլ՝ պարգեւն է Սուրբ Հոգիին։ Պէտք է ուրախ սիրտ ունենալ, որովհետեւ՝ Տէրը յաղթեց եւ կը թագաւորէ։

 

Նոյնիսկ, ուրախութենէ զուրկ հասարակութիւն մը ՝ հիւանդ հասարակութիւն մըն  է – ըսաւ   Ֆրանչիսկոս Պապը աւեցնելով գուցէ ''զուարթ հասարակութիւն մը ըլլայ''  բայց՝ հիւանդ աշխարհիկ հոգիով'' ։

Նմանապէս, Եկեղեցին երբ՝ վախի վիճակի մէջ  կը գտնուի եւ երբ՝ ան չի ստանար Սուրբ Հոգիին ուրախութիւնը, կը հիւանդանայ, հասարակութիւնները կը հիւանդանան, ինչպէս նաեւ  հաւատացեալները։

Սրբազան Հայրը քարոզը եզրափակեց Տիրոջ ներկայացնելով աղօթք մը ու խնդրելով

''Տէր, մեզմէ անհետացուր  ամէն տեսակ վախ ու մեզի  շնորհէ՝ ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.