2015-05-15 09:54:00

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի վարդապետ Տիեզերական Եկեղեցւոյ


Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Յիսուսի համբարձման նուիրուած տաղին մէջ կը դաւանի Աստուծոյ Որդիին մարդեղութիւնը, խաչելութիւնը, մահը, յարութիւնը եւ համբարձումը։ Այս բոլորին մէջ՝ ան կը տեսնէ փրկագործութեան խորհուրդը եւ կը փառաբանէ զԱստուած։

Այս տաղէն մասեր յառաջ կը բերենք աշխարհաբար ազատ թարգմանութեամբ։

Սուրբ Գիրգոր Նարեկացի նախ կ’երգէ՝ “Անեղ ծնունդ, ծածկուած անքնին ծոցին մէջ՝ լուսոյ Հօրմէ ծագեցար իբր լոյս աշխարհի։

Յիսուս, Հօր պատկերը՝ առնելով մեր կերպարանքը՝ մարմնով ծնաւ եւ խաչով եւ արեամբ ազատեց մեր մարդկային բնութիւնը։

Մեր վար ինկած բնութիւնը վեր բարձրացուց իր յարութեամբ եւ նստեցուց գերագոյն փառքի աթոռին վրայ։

Փառքի թագաւորը յաղթելով պատերազմը, ստրկացնողին աւարը առնելով, ելաւ բարձունքներու մէջ եւ մարդկութեան բաշխեց պարգեւները։”

Յիսուս երկինք կը համբառնայ. Գրիգոր Նարեկացիի տաղին մէջ երկխօսութիւն մը կը սկսի Յիսուսի եւ Հրեշտակներուն միջեւ։ Հրեշտակները զարմանքով կը հարցնեն՝ թէ ո՞վ է սա, թէ ինչու՞ զգեստները կարմիր են՝ Յիսուս կը պատասխանէ՝ “Խաչին վրայ հնձան դնելով, կոխկրտեցի կեանքի թշնամին, եւ անոր մեղքի մաղձը թափեցի երկրի վրայ։”

Ապա հրեշտակները կրկին կը հարցնեն՝ “ի՞նչ են այդ վէրքերը ձեռքերուդ վրայ, որոնցմով քու պատկերդ՝ մարդը՝ հողէն սետղծեցիր։” Յիսուս կը պատասխանէ ըսելով՝ թէ այդ վէրքերը իր “սիրելի իսրայէլի տան կողմէ ստացած է։”

Ապա հրեշտակները կը բանան երկնքի դռները։ Կը յաջորդեն փառաբանական երգեր։

Գրիգոր Նարեկացի այս տողերուն կը կցէ յառաջիկայ Սուրբ Հոգիին գալստեան խորհուրդը՝ “Տասնըմէկ ընտրեալներուն հետ մենք ալ կ’երկրպագենք Միածին Որդիդ, եւ կը խնդրենք աւետաբեր Հոգիդ։ Քու բարի Հոգիդ թող մեզ առաջնորդէ՝ որ հոգեպէս քեզի բարձրանանք, մեր սրտին մէջ դնելով յոյսը՝ այս տրտմական հովտէն բարձրանալու։

Եւ երբ կեանքը այս հովտէն կը բաժնուի, քու ահաւոր գալստեանդ օրը՝ մեզ սիրոյ լրումով դէպի Հայրը բարձրացուր։

Սիրոյ սիրելիդ, բազմած Հօր աջ կողմը՝ խնդրէ, որ միանանք քու հետդ, որ մեր գլուխն ես, որպէսզի քեզմով նաեւ սիրոյ Հօր եւ Հոգիիդ հետ միանանք։”

Սուրբ Երրորդութեան փառաբանութեամբ եւ բարեբանութեամբ Սուրբ Գրիգոր կը փակէ տաղը։

 

Տաղ Համբարձման

“Էն ի միշտ էէն անեղապէս ծընունդ

ծածկեալըն յանքընին ծոցոյ

ծագեալ ի Հօրէ լուսոյ աշխարհի լոյս։

Լոյսըն զիւրական ստեղծեալըն տիպ

պատկեր տպաւորեալ լուսոյն

ծածկոյթ հողանիւթ արփիական կերպին։

Կերպարանըն Հօր առեալ զմերս,

ծնեալն տնօրինաբար մարմնով՝

խաչիւ եւ արեամբ ազատելով զբնութիւնս։

Զբնութիւնս վայրանկեալ նորոգ յարութեամբն իւրով

ընդ իւր վերյարուցեալ փառօք

վեհից գերագոյն նըստոյց յաթոռ փառաց։

Փառաց թագաւորն հարեալ ըզպատերազմ,

ըզգերողին առեալ զաւար,

ի բարձունս ելեալ բաշխեաց պարգեւս մարդկան։

Մարդկային մարմնով ի գոյն արեան ըզտէր

անմարմնական տեսեալ զուարթնոց,

ընկեր առ ընկեր հարցեալ թէ ո´վ իցէ.

Ո՞վ է սա, դիմեալ գայ յԵդովմայ

կարմրաձորձ ի բոսորայ,

գեղեցիկ պըճնեալ աստուածազարդ լուսով։

Լոյսըն հրեղինացըն ծանուցեալ բանիւ՝

բուռն իմոյ զօրութեամբ վանեալ

զհըզօրըն կարծեալ արդարութեամբ յերկրի։

Զերկրային գունոյ պատմուճանին ըզտարակոյս

դարձեալ լուծանել հարցեալ՝

զի՞ կարմիր հանդերձ քո ըստ լի կոխեալ հընձան։

Հնձան ի խաչին հարեալ ասէ,

կոխեցի զթշնամին կենաց,

յերկիր ըզմեղաց հեղեալ ըզմաղձ նորա։

Նոր անդրէն ի նոյն հարցաբանեալ վեհիցն՝

զի՞ այդ վէրք ի ձեռս քո,

որով ի հողոյ ստեղծեր զպատկեր քո տէր։

Տէրըն զիւրականս ազդեալ բարեկամացն ըզկիրս՝

զոր վիրաւորեալ եղէ

ի տան սիրելւոյ իսրայէլեան դասուն։

Դասուց հրեշտակացըն ծանուցեալ թէ ո՞վ

առ գերագոյն կայիցըն հոյլս՝

աղաղակելով գոչեն՝ բացէք ըզդրունս.

Դրունք յաւիտենից փակեալ յերկինս

այսօր վերհամբարձցին հիմամբք,

եւ մտցէ ի փառս փառօք եկեալ արքայ։

Արքայ երկնաւոր մըտեալ յերկինս երկնից,

յորում էր ի սկզբան նոյն միշտ

ի գիրկս հայրենի հոգւոյն սիրով պատիւ։

Պատիւ ի Հօրէ նըստեալ յաջմէ իւրմէ,

մինչեւ զթշնամին ի սպառ

յապագայցն աւուր ներքոյ դիցէ ոտից։

Ոտից թշնամւոյն բնութիւնս եղեալ ներքոյ՝

նըստի քրովբէից յաթոռ,

ի յերկնաւորացն երկըրպագի յաւէտ։

Յաւէտ ցընծութիւն հողեղինացս այսօր

անճառ փառաց գոլով հաղորդ,

ընդ Հօր նըստելով առեալն ի մէնջ որդւոյ։

Որդւոյդ միածնի երկըրպագեմք եւ մեք

ընդ մետասան ընտրեալ դասուն,

հայցելով ի քէն զաւետաբեր հոգիդ։

Հոգի քո բարի առաջնորդեսցէ մեզ

առ քեզ վերաբերիլ հոգւով,

վերելս ի սըրտի դընել տըրտմական հովտէս։

Հովտէս լուծանել կենաց.

յահեղ քում գալըստեանդ աւուր

առ Հայր վերացո ըզմեզ լըրմամբ սիրոյ։

Սիրելի սիրոյդ աջ ընդ աջմէ բազմեալ,

հայցեա ընդ անդամոցըս գլուխ՝

միանալ ընդ քեզ քեւ ընդ սիրոյ Հօր եւ Հոգւոյդ։

ԶՀոգիդ կենարար առ ի Հօրէ բըղխումն,

շնորհեա քո բանաւոր հօտիս

ըստ փոքուն հօտի ի վերնատունըն սուրբ։

Ի սըրբարանիդ վերհամբարձեալ սուրբ

ի ձայն փողոյ երգեմք քեզ զերգս

ընդ սերովբէիցն երեքսըրբեանըդ սուրբ։

Սուրբ Երրորդութեանդ արժանասցուք լինել

քընար միշտ հոգեւոր հընչմանց

յայժմուս եւ յաւէտ երգել ըզփառս յաւիտենից։”

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.