2015-05-15 10:26:00

Ներկայ Թուրքիոյ Սուրբ Գէորգ Հայկական Կաթողիկէ Եկեղեցին վտանգուած է


Մշակութային ժառանգութեան կազմակերպութիւններու եւրոպական դաշնութիւնը (Եւրոպա Նոսդրա) ներկայ Թուրքիոյ Մարտին քաղաքին մէջ գտնուող Սուրբ Գէորգ  հայկական կաթողիկէ եկեղեցին, որ յայտնի է նաեւ Կարմիր եկեղեցի անունով, ընդգրկած է Եւրոպայի մէջ վտանգուած մշակութային հարստութիւններու ցանկին մէջ: Ցուցակին մէջ ընգրկուած է 7 կառոյց: Այս մասին կը հաղորդէ ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Պոլսոյ «Ակօս»-ը։

Եւրոպական կառոյցի Թուրքիոյ մասնաճիւղը  եկեղեցին վերանորոգելու համար  սկսած է նախաձեռնող շարժում: «Եւրոպա Նոսդրա Թուրքիա» կազմակերպութենէն փրոֆէսըր Նուրան Զենեն Կիւլերսոյը յայտնած է, որ նախագծման աշխատանքները արդէն կատարուած են, իսկ աւարտին հասցնելու եւ վերանորոգման համար անհրաժեշտ է նիւթական աջակցութիւն:

Երկար ժամանակ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարած ճարտարապետ Ամինէ Ալքան Ռէիսը ներկայացուցած է եկեղեցւոյ պատմութիւնը: Ըստ մասնագէտի` 1915 թուականէն յետոյ կառոյցը դադրած է օգտագործուիլ իբրեւ եկեղեցի: Անիկա Մարտինի ամենահին  պաշտամունքային վայրն է, որուն առաջին կառոյցը կը թուագրուի 5-րդ դարով: 1822 թուականին Յովակիմ եպիսկոպոս Թազպազեանը եկեղեցին վերանորոգելու ժամանակ յայտնաբերած է 420 թուականին վերագրուող գրութիւն մը: Ըստ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի տուեալներուն` եկեղեցին մինչեւ 19-րդ դարը յայտնի եղած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի անունով, որմէ յետոյ ստացած է Սուրբ Գէորգ հայ կաթողիկէ եկեղեցի անունը: Եկեղեցին 1915-էն յետոյ օգտագործուած է իբրեւ մանկատուն, յետագային` վերածուած զինանոցի: Եկեղեցւոյ գրադարանը զինանոց դառնալէ յետոյ հրկիզուած է:

Եկեղեցւոյ վերականգման համար անհրաժեշտ է 6 միլիոն լիրայ:  Մարտինի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հիմնադրամը, որուն կը պատկանի եկեղեցին, բաւարար միջոցներ չունի այդ ծախսերը հոգալու համար: Հիմնադրամը աջակցութիւն չէ ստացած ոչ Թուրքիայի մշակոյթի նախարարութենէն, ոչ ալ Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութենէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.