2015-05-15 13:28:00

Հաղորդագրութիւն­. Ֆրանչիսկոս Պապին Ռումանիայի Նախագահին շնորհած ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը նշեց թէ այսօր` (15 Մայիս 2015) ,Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Ռումանիայի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Քլաուս Ուերներ Եոհաննիս որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակէր։ 

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, Սուր Աթոռի եւ Ռումանիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերահաստատումին առթիւ`15 Մայիս 1990-ին, անդրադարձ կատարուեցաւ երկու պետութիւններու փոխյարաբերութիւններու մասին, յատկանշուած սերտ համագործակցութեամբ եւ Պետական իշխանութիւններու եւ Կաթողիկէ տեղական հասարակութիւններու լաւ յարաբերութիւններով ու փոքրամասնութիւններու միջեւ համակեցութեամբ։

Հանդիպումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ աշխարհի զանազան շրջաններու հայող նիւթերու։








All the contents on this site are copyrighted ©.