2015-05-13 09:35:00

Ֆրանչիսկս Պապը ընդունեց աղքատներուն համերգի կազմակերպիչները։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 14 մայիսին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 6-ին,  համերգ մը պիտի ներկայացուի սատարելու համար ֆրանչիսկոս Քահանայապետի բարեսիրական օգնութիւններու գործունէութեան։ 

Համերգին աւարտին ներկաները հրաւիրուած են նուիրատուութիւն մը տալու։ Երաժշտական հատուածները նուիրուած են զատկական շրջանին, յոյսի եւ ուրախութեան։

Այս նախաձեռնութեան պատուոյ հիւրերն են Յաւիտենական Քաղաքի աղքատները եւ հետեւելով Սրբազան Հօր թելադրանքին  համերգին հրաւիրուած են Հռոմի բոլոր ժողովրդապետութիւններու ընտանիքները, ծերերն ու երիտասարդները, յատկապէս անոնք որոնք արուարձաններու մէջ նիւթական թէ հոգեւոր դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուին։

Չորեքշաբթի` 13 Մայիսի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, նախ քան հրապարակային ունկնդրութիւնը­  հանդիպում ունեցաւ վերոյիշեալ համերգի կազմակերպչական մարմնին հետ ու այս առթիւ անոնց ուղղած շնորհակալ ական խօսքին մէջ յայտնեց թէ ''երաժշտութիւնը ունի կարողութիւնը միացնելու հոգիները իրարու ու մեզ Տիրոջ''։

Շնորհակալ եմ ձեր տուած սատարին – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը  - հաստատելով թէ համերգը կը հանդիսանայ ուրախութիւն սերմանող համերգ մը, ոչ թէ անցողական զուարճութիւն մը,  այլ սերմ մը որ կը մնայ բոլորին հոգիներուն մէջ ու բարիք կը գործէ։

''Շնորհակալ եմ այն բարիքին զոր կը կատարէք, սրտանց շնորհակալ եմ'' եզրափակեց Սրբազան Հայրը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.