2015-05-13 13:42:00

Հիւսիսային Քորէան կ՛ընդունի թոքախտի հիւանդներով զզաղող կաթողիկէ կամաւորները։


(Ռատիօ Վատիկան) Սէուլ – ‘’Կաթողիկէ կամաւորները, որոնք կը խնամեն Հիւսիսային Քորէայի թոքախտաւորները, մեզի բերին կեանք եւ յոյս եւ ասոր համար կ'ուզենք մեր երախտագիտութիւնը յայտնել անոնց’’ ըսաւ թոքախտաւորներու բանբերը, խօսքը ուղղելով ''Eugene Bell'' հիմնարկութեան պատուիրակութեան, որուն աթոռը կը գտնուի ԱՄՆի մէջ։

Պատուիրակութեան շարքին կը գտնուի նաեւ հայր Կէրարտ Համմոնտ որ AsiaNews` մամլոյ գործակալութեան հետ ունեցած ելոյթով ըսաւ որ նախատեսութիւնները քաջալերական են։

Ան յայտնեց թէ ''Eugene Bell'' հիմնարկը կը մատակարարէ 11 կեդրոններ եւ թէ Հիւսիսային Քորէան արտօնութիւն տուած է նոր հինգ կեդրոններու բացումին։ Ամէն կեդրոն կարող է ընդունիլ 20 հիւանդներ։ Մենք  - ըսաւ ապա Հայր Համմոնտ - կ’ընծայենք առողջապահական կառոյցները եւ դեղորայքը։ Գոհ ենք որ կառավարութիւնը մեզի հետ կը համագործակցի։  Քրիստոնեայի մը համար յոյս տալը սքանչելի բան մըն է։

Յայտնենք որ հայր Համմոնտ  20 տարիէ ի վեր կ՛աշխատի Հիւսիսային Քորէայի մէջ, երկիր մը որ կը հաշուէ 25 միլիոն բնակիչ եւ մենատէր վարչաձեւ մը ունի, ուր կաթողիկէ փոքր համայնքը շատ հսկուած է։ Այս 20 տարիներուն ընթացքին ան կարողացաւ 50 անգամ այցելել երկիրը, հազուադէպ իրականութիւն, քանի  պետութիւնը շատ քիչ անձերուն անցագիր  կը շնորհէ։

Երկրին մէջ չկայ ոչ եպիսկոպոս եւ ոչ ալ քահանայ եւ միսիոնարները  երկիր մտնելու արտօնագիր չունին։

1998էն ասդին հայր Հայր Համմոնտ կարողացաւ տարին երկու անգամ այցելել գիւղերը։ 1945ի Ճափոնի բռնատիրութենէն ու Քորէային երկու աշխարհամարի բաժանումէն առաջ, Քորէան  ունէր 52 ժողովրդապետութիւններ եւ 150 հազար հաւատացեալ։

1949-ին  Հիւսիսային Քորէան կը դառնայ համայնավար եւ հիւսիսի մէջ ապրող առաքելական Փոխանորդը` գերապայծառ Hong Yong-ho կ՛արգելափակուի ու շատ մը քահանաներ կը պարտադրուին հարաւային Քորէա  ապաստանիլ։

''Eugene Bell'' հիմնարկութիւնը, որ երկար տարիներէ կը գործէ Հիւսիսային Քորէայի  մէջ, ստեղծուած է ամերիկացի բժիշկ `Stephen Linton-ի կողմէ։ Հիմնարկը կը սատարէ բարւոքելու երկրի հանրային առողջապահութիւնը. խնամելով յատկապէս թոքախտերը։ Հիմնարկը նաեւ սնունդ կը բաշխէ բոլոր այն բնակիչներուն որոնք զոհ են  բնական աղէտներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.