2015-05-13 13:15:00

Կարդինալ Անճէլօ Ամաթօ այցելած է Մոսկուայի հայ կաթողիկէ համայնքը։


Կիրակի` 10 մայիսին, Սուրբ Աթոռի Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Անճէլօ Ամաթոն, Մոսկուա կատարած հովուապետական այցելութեան առթիւ, այցելած է նաեւ Մոկուայի Հայ Կաթողիկէ համայնքը եւ մասնկացած է` Աստուածածնի Անարատ Յղութեան Մայր Տաճարին մէջ, Հայր Պետրոս Ծ. Վրդ Պետրոսեանի  մատուցած  հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին։

Աս առթիւ հաւատացեալներուն ուղղած խօսքին մէջ Կարիդնալ Ամաթօ ըսած է.

՝՝Ամենասուրբ Սուրբ կոյս Մարիամը, որ դարեր շարունակ ընկերացած  է ձեր պատմական ուխտագնացութեան, կը շարունալէ պահապան կանգնիլ ձեր ժողովուրդին եւ աղօթքով ու բարեխօսութեամբ ձեզի կը զօրակցի։

Թող, որ ձեր ժողովուրդի իւրաքանչիւր մանուկի սրտին մէջ  հնչէ  Անոր մայրական ձայնը եւ ձեր քայերը ուղէ դէպի բարի ճանապարհ ։  Ձեր դժուար պահերուն թող որ Մարիամ Աստուածածինի քաղցր ժպիտը ձեզ լուսաւորէ ինչպէս նաեւ  ճանապարհոդներուն համար՝ փրկութեան փարոս հանդիսանայ''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.