2015-05-13 11:36:00

7,3 աստիճանի երկրաշարժ մը դարձեալ հարուածեց Նեփալը։


Նեփալի մէջ աւելի քան 8 հազար զոհ պատճառած քանդիչ երկրաշարժէն երկու շաբաթ ետք մեծ երկրաշարժ մը եւս հարուածեց արեւելեան Նեփալը` Էվերեսթ լերան մօտ: Ըստ Նեփալի կառավարութեան, երկրաշարժը առնուազն 29 զոհ եւ 1006 վիրաւոր պատճառած է:

7,3 աստիճանի երկրաշարժէն ետք տեղի ունեցան 5 աստիճանի կամ աւելի ուժեղ յետցնցումներ, որոնցմէ մէկը, որ երկրաշարժէն 30 վայրկեան ետք տեղի ունեցաւ, 6,3 աստիճանի էր եւ անոր կեդրոնը Քաթմանտուի արեւելքը գտնուող Ռամեշհափ շրջանին մէջ էր:

Գիտնականներ արդէն նախնական վերլուծումներ հրապարակեցին: Այս անգամ երկրաշարժին կեդրոնը Քաթմանտուէն 80 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք էր` դէպի Էվերեսթ կէս ճամբուն վրայ, իսկ 25 ապրիլի մեծ երկրաշարժին կեդրոնը Քաթմանտուէն հիւսիս-արեւմուտք էր:








All the contents on this site are copyrighted ©.