2015-05-12 10:31:00

Յիսուսը մեր կեանքին մէջ


«Անկէ մեկնելով, Յիսուս ուղղուեցաւ դէպի Նազարէթ եւ իր աշակերտները հետեւեցան իրեն: Շաբաթ օրը, կ'ուսուցանէր սինակոկի մէջ: Զարմացած, շատ մը ունկնդիրներ կ'ըսէին. «Ուսկի՞ց այս բաները գիտէ: Ի՞նչ է այս իմաստութիւնը որ իրեն տրուած է եւ ինչպէ՞ս այս մեծ հրաշքները կը կատարուին իր ձեռքով»:

Ո՜վ Տէր, կը հաւատամ որ դուն Տէրն ես, բայց իմ հաւատքս տկար է. աւելցուր զայն: Օգնէ ինծի որ տեսնեմ ոչ թէ պարզ աչքերով, այլ հաւատքի աչքով ճանչնամ քեզ Յիսուս, ինչպէս որ ես իրապէս:

Այստեղ կը տեսնենք Յիսուս որ կը վերադառնայ Նազարէթ՝ իր շրջանավայրը ուր անցուցած է իր կեանքին մեծ մասը: Շատ լաւ գիտէր շրջանը եւ անոր բնակիչները եւ իրենցմէ լաւ ճանչցուած էր: Բնական էր որ անոնք ուրախացած էին զինքը տեսնելով, լսելով անոր կատարած հրաշքներուն մասին եւ կը սպասէին որ հաճելի հանդիպում ունենային անոր հետ: Սակայն հակառակը պատահեցաւ: Ըստ Աւետարանին, անոնք գայթակղեցան իր խօսքերէն եւ ինքը հակազդեց հռչակելով թէ 'Մար-գարէ մը միշտ անարգուած է իր քաղաքին մէջ': Յիսուսի բերած նոր պատգամը եւ իր յատուկ բացատրութիւնը կ'ունենան իբրեւ հետեւանք անոր մերժումը եւ ինքնաբերաբար Յիսուսի հեռացումը իրենց քովէն:   

Նազարէթի բնակիչները չ'ընդունեցան Յիսուսի պատգամը հակառակ որ Ան երկար ժամանակ իրենց հետ ապրած էր: Նոյնը կրնայ պատահիլ կարգ մը քրիստոնէաներուն որոնք իրենց մանկութենէն բախտը ունեցան Յիսուսը ճանչ-նալու, կամ երկար ժամանակէ ի վեր ճանչցած էին զինք: Նորադարձ քրիստոնէաները աւելի տոգորուած կ'ըլլան հաւատքի ներքին կրակով քան անոնք որ հինուց ճանչցած են Քրիստոսը: Ուստի, եթէ մենք ուշադիր չըլլանք, մենք ալ պիտի վարժուինք Յիսուսի ներկայութեան մեր մէջ, այն աստիճան որ Իրեն կը վերապահենք փոքրիկ տեղ մը մեր սրտին մէջ, յուսալով որ այն տեղէն չ'ուզէ շարժիլ եւ մեր ծրագրած յայտագիրները խանգարել:

Այս պարագային մենք կը կարծենք թէ հաւատք ունինք բայց անկեղծօրէն մենք մեզի հարցնենք թէ իսկապէ՞ս ունինք: Եթէ օր մը գտնուինք դժուար կացութեան մը դիմաց, երբ որ Յիսուս մեզմէ յատուկ խնդրանք կամ ժեսդ մը պահանջէ, որչափով պիտի կարենանք ցուցաբերել մեր հաւատքը եւ այո ըսել իրեն:

Ուստի ճանչնալ Աստուծոյ գոյութիւնը չի նշանակեր ինքնաբերաբար հաւատք ունենալ այլ պէտք է որ Յիսուս  մեր կեանքի ընթացքին ամենուրէք ըլլալ որ կարենանք ամէն ատեն եւ ամէն պարագային մէջ իր կոչին հետեւիլ:

Երբ մենք կը դաւանինք մեր հաւատքը ամենօրեայ մեր կեանքին ընթացքին, պիտի հանդիպինք ծանօթ եւ անծանօթ անձերուն որոնք մեզի պիտի չհասկնան կամ նոյնիսկ մերժեն: Պէտք չէ յուսահատինք որովհետեւ Յիսուս նոյն պայմաններէն անցաւ: Պէտք չէ որ ջղայնանանք կամ դատապարտենք ուրիշները: Յիսուսի նման, պարտինք յարգել մարդոց ազատութիւնը եւ շատ համբերատար ըլլանք: Հաւատացեալի մը համար աղօթքը եւ համբերութիւնը կրնան հրաշքներ գործել:

Երկխօսութիւն Յիսուսի հետ

Տէր, քեզ շատոնց կը ճանչնամ եւ շատ վարժուած եմ քեզի: Տէ՜ր, եկուր իմ կեանքիս մէջ, լման կեանքիս մէջ: Մի թողուր որ քեզ մէկ անկիւնի մէջ ձգեմ կամ քեզի մոռնամ: Տո՛ւր ինծի ճշգրիտ հաւատքը որպէսզի կարենաս հրաշքներ ընել կեանքին մէջ:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան  








All the contents on this site are copyrighted ©.