2015-05-11 12:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Թոկոյի եպիսկոպոսներուն հետ


Երկուշաբթի, 11 մայիսի առաւօտեան, Թոկոյի եպիսկոպոսները՝ իրենց Կանոնական Հնգամեայ այցելութեան ծիրէն ներս՝ ունկնդրութիւն ունեցան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հետ։

Սրբազան Պապը եպիսկոպոսներուն յանձնած իր խօսքին մէջ՝ կը յիշէ հոկտեմբեր ամսոյն կայանալիք Ընտանիքի Սիւնհոդոսը՝ կարեւոր նկատելով, որ այդ սիւնհոդոսին ներկայացուին ափրիկեան փորձառութիւններու դրական կողմերը։ Գնահատելի կը նկատէ ան՝ Ափրիկէի ընտանիքներուն՝ կեանքի հանդէպ ցուցաբերած յարգանքը եւ տարեցներու ընկալումը։ Պէտք է պահել այս ժառանգը, որ օրինակ եւ քաջալերանք կրնայ հանդիսանալ ուրիշներու՝ կը շեշտէ Սրբազան Պապը ։

Ան հարկաւոր կը նկատէ Պսակի խորհուրդի հետ առընչուած հովուական աշխատանքը։ Կը քաջալերէ շարունակել ջանքերը՝ նեցուկ կանգնելու ընտանիքներուն՝ իրենց դժուարութիւններուն մէջ, դաստիարակչական եւ ընկերային աշխատանքներով՝ պատրաստելու զոյգերը նշանտուքի եւ քրիստոնէական ամուսնութեան. որովհետեւ այսօր՝ քրիստոնէական հաւատքի հակոտնեայ գաղափարախօսութիւններու կողմէ՝ հրապարակային յարձակումներ կը կատարուին ընտանեկան միութեան վրայ։

Սրբազան Պապը կը յիշէ՝ որ երիտասարդներու կազմաւորման աշխատանքը կարեւոր է՝ դիմագրաւելու համար համայնքներու մարտահրաւէրները։ Ասոր համար Թոկոյի Եկեղեցին արդէն իսկ կը տանի նուիրեալ աշխատանք։

Սրբազան Պապի ուշադրութեան արժանացած են Թոկոյի կրօնաւորներն ու կրօնաւորուհիները, ինչպէս նաեւ քահանաները եւ քահանայութեան պատրաստուող երիտասարդները։ Անոնք կը հանդիսանան եպիսկոպոսներու անմիջական աշխատակիցները եւ արժանի են եպիսկոպոսներու յատուկ ուշադրութեան եւ խնամքին։ Յատկապէս քահանայացուներու կազմաւորման աշխատանքը մեծապէս պիտի օգնէ, որ անոնք ամբողջութեամբ նուիրուին Ս. Աւետարանին՝ հակազդելով փառասիրութեան, ասպարէզի ձգտումի, նախանձի, աշխարհայնութեան, դրամի եւ նիւթական ինչքերու տուած գայթակղութեան, եւ ապրին երջանիկ՝ անկեղծ կուսակրօնութեամբ։

Վերջապէս Ֆրանչիսկոս Պապ կ’անդրադառնայ վերջին տարիներուն երկրագունդի շուրջ կատարուած քաղաքական եւ ընկերային նուաճումներուն։ Այս մարզէն ներս Կաթողիկէ Եկեղեցին կատարած է մեծ ներդրում՝ ոչ միայն իր աւետարանումի աշխատանքով՝ այլ նաեւ իր յանձնառութեամբ ի նպաստ արդարութեան եւ հաշտութեան։ Այս հարցի ի նապաստ տարուած ջանքերուն համար Սրբազան Պապը իր գնահատանքի խօսքը կ՝ուղղէ Թոկոյի եպիսկոպոսներուն։ Ապա կը յորդորէ շարունակել իրենց աշխատանքը, նաեւ քաղաքական մարմիններու հետ՝ առանց սակայն միջամուխ ըլլալու քաղաքական հարցերու։

Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքի աւարտին անդրադարձած է նաեւ միջեկեղցական եւ համամիութեանական երկխօսութեան եւ տարուած աշխատանքներուն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.