2015-05-10 12:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապ – Ռաուլ Քասթրօ հանդիպում։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 10 Մայիսի ժամը 9,30-ին, Պօղոս Զ. սրահի  Քահանայապետական գրասենեակին մէջ, Սրբազան Հայրը  առանձնական  ունկնդրութիւն շնորհեց Քուպայի նախագահ` Ռաուլ Քասթրօ Ռուզին։

''Վատիկան ժամանելուն Քուպայի նախագահը դիմաւորուեցաւ Քահանայապետական Տան կառավարիչ` գերապայծառ Կէյնզուէյնի եւ տեղապահ գերապայծառ Պեչչուի ինչպէս նաեւ  Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` գերապայծառ Կալլակէրի կողմէ'' յայտնեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին հրատարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ։

Նախագահ Քասթրօ հուսկ առանձնական հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ որուն ընթացքին  շնորհակալութիւն յայտնեց Քահանայապետին` տուած մեծ սատարին, ի սպաս ԱՄՆ – Քուպա քաղաքական յարաբերութիւններու վերահաստատումին։

Հանդիպումը` որ տեղի ունեցաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեւեց 50 վայրկեան։ Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցան  պատուիրակութիւններու ներկայացում եւ նուէրներու փոխանակում։ 

Նախագահ Քասթրօ Սրբազան Քահանայապետին նուիրեց Հավանայի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մետալ մը եւ ժամանակակից արուեստի գծանկար մը որուն մէջ պատկերացուած է նաւաբեկութեան թիրախ նաւեր ու անոնց առջեւ աղօթարար գաղթական մը։ Նորին Սրբութիւնը Ռաուլ Քասթրոյին նուիրեց ''Աւետարանի Ուրախութիւն'' շրջաբերականը ու մետալ մը ուր ներկայացուած է Սուրբ Մարթինոն որ իր վերարկուով աղքատ մը կը ծածկէ։  

Նշենք թէ Կարդինալ Մամպերթի` Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու երբեմնի քարտուղարը եւ Վատիկանի Վերին Ատեանի ներկայ կառավարիչը խօսելով Վատիկանի դիւանագիտական աշխատանքի մասին յայտնած է թէ` ''Քահանայապետերու պատերազմական մեքենան կրակ չի թափեր, այլ անուշ ջուր, որով պատերազմի կրակը կը մարի։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.