2015-05-09 09:49:00

Մոզամպիքի հանրապետութեան եպիսկոպոսներուն այցը Վատիկան – տեղեկութիւններ։


(Ռատիօ Վատիկան) Մոզամպիքի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը, շաբաթ` 9 Մայիսին, Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, Սուրբ Պետրոսի յաջորդին Կանոնական հնգամեայ այցելութիւններու ծիրէն ներս։

Մոզամպիքի հանրապետութիւնը ունի 799,380 քմ քառակուսի տարածք եւ 24.366,000 բնակչութիւն, որուն մեծամասնութիւնը կը հետեւի աւանդական կրօնին մինչ կաթողիկէները կը հաշուեն բնակչութեան 27.6 տոկոսը իսկ մահմետականները 10 տոկոսը։

Մոզամպիքի հանրապետութիւնը անկախ հռչակուած է` 25 Յունիս 1975-ին, հինգ դարեր ամբողջ Փորթուկալական տիրապետութեան տակ մնալէ ետք։ Թէեւ երկրին քաղաքական իրավիճակը կը մնայ անկայուն։ 

Մոզամպիքի կաթողիկէ եկեղեցին ունի երեք Արքեպիսկոպոսական եւ 9 եպիսկոպոսական աթոռներ։ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահն է գերապայծառ Լուչիօ Անտրիս Մուանտուլա։

Մոզամպիքի Քրիստոնէութեան պատմութիւնը բաժնուած է վեց հանգրուաններու` առաջինը  1498 -1560 երբ փորթուկալացի քարոզիչներ կը հասնին Մոզամպիք։ Երկրորդը`  1560-1783 երբ բազմաթիւ միսիոնարներ անդամ` Յիսուսեան, Տոմէնիքեան, Աստուծոյ Սուրբ Յովհաննէսի եղբայրներ, Օգոստինեան, Ֆրանչիսկեան եւ այլ միաբանութիւններու ժամանեցին ու հաստատուեցան Մոզամպիք։ Երրորդ հանգրուանը 1783-1940 ուր Մոզամպիքի աւետարանութեան գործընթացը ընդհատումներ կ՛արձանագրէ եւ միայն 1920-ին կը ստանձնէ նոր սլացք։  Չորրորդ հանգրուանը կը հայի 1940- 1975 տարիներուն, յատկանշուած Սուրբ Աթոռի եւ Փորթուկալական կառավարութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրով, որուն շնորհիւ կը ստեղծուի նաեւ ''Եկեղեցական անկախ նուիրապետութիւնը''։ Հինգերորդ հանգրուանը 1975-1992 յատկանշուած մէկ կողմէն անկախութեան տարիներով եւ միւս կողմէն եկեղեցւոյ դէմ գործուած հարստահարումով ու կրօնի ազատութեան կաշկանդումով որուն պատճառաւ շատ մը միսիոնարներ կը հեռանան երկիրէն։

1990-ին ստորագրուած նոր սահմանադրութիւնը նոր թափ կ՛արձանագրէ կրօնական ազատութեան ծիրէն ներս եւ 1992-էն ետք եկեղեցին կ՛ապրի  վերազարթօնք մը  որ կը տեւէ մինչեւ մեր օրերը։

Մոզամպիքի եկեղեցւոյ գլխաւոր մարտահրաւէրները կը հային նախ` Եկեղեցի – Կառավարութիւն համագործակցութեան ամրապնդումին, ի տես ընկերային զանազան հարցերուն` բռնութիւններ, ոճրագործութիւն, զինավաճառութիւն, անհաւասարութիւն, անարդարութիւն...

Եպիսկոպոսները առաջնահերթ կը նկատեն կղերի կազմաւորումը եւ նոր սերունդի դաստիարակութիւնը ինչպէս նաեւ Ընտանիքի արժէքաւորումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.