2015-05-09 09:42:00

Արցախի մէջ վառեցաւ համահայկական 6րդ խաղերու ջահը


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».–. Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 8 Մայիսին Շուշի քաղաքին մէջ մասնակցած է Համահայկական 6րդ խաղերու ջահի վառման հանդիսաւոր արարողութեան եւ հանդէս եկած է ողջոյնի խօսքով:
Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Համահայկական խաղերու ջահի վառման հանդիսաւոր արարողութիւնը արդէն երկրորդ անգամն ըլլալով տեղի կ՛ունենայ Արցախի մէջ, ինչ որ իր մէջ շատ խոր իմաստ կը պարունակէ։ «Համահայկական խաղերի իւրայատկութիւնն այն է, որ այստեղ պարտուողներ չկան, իսկ գրանցուած յաղթանակները յաղթանակ են ողջ հայ ժողովրդի համար», հաստատած է ան։ Նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ ասիկա նաեւ լաւ միջոց է՝ մէկ անգամ եւս աշխարհին ներկայանալու որպէս քաղաքակիրթ, համախմբուած, սեփական ուժերուն ապաւինող ժողովուրդ, որ, աշխարհով մէկ սփռուած ըլլալով հանդերձ, անխզելիօրէն կապուած է իր հայրենիքին եւ կարելին կ՛ընէ հայոց անկախ պետականութիւնը հետեւողական կերպով զարգացնելու եւ զօրացնելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.