2015-05-08 12:10:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 8 մայիսի քարոզը


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Ուրբաթ, մայիս 8ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ քարոզեց Սուրբ Հոգիի ներգործած միութեան հոգիի մասին։ Սրբազան Քահանայապետի օրուան պատարագը նուիրուած էր իր հայրենիքին, Արկենդինայի, երկրի պաշտպան՝ Լուխանի Սուրբ Աստուածածնի տօնին առիթով։

 

Սուրբ Հոգիին ստեղծած շարժումը մեզի խուճապ կը թուի, ըսաւ Սրբազան Պապը։ Սակայն՝ եթէ ընդունինք Հոգիին ներգործութիւնը աղօթքով եւ երկխօսութեան հոգիով՝ ան տեւապէս միութիւն պիտի ստեղծէ Եկեղեցւոյ մէջ։

Աստուած է, որ կը շարժէ եկեղեցւոյ ջուրերը, ամէն անգամ որ քրիստոնեաներ անկեղծօրէն եւ երկխօսութեամբ կը գործեն։

Օրուան Գործք Առաքելոցի ընթերցուածին մէջ (Գործք ԺԵ. 22-31) կը պատմուի Երուսաղէմի առաջին ժողովի մասին, որ կը հաստատէր այն կանոնները, որոնց պէտք է հետեւէին նորադարձները։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ նկատեց՝ որ նախապէս քրիստոնեաները փակ էին իրենք իրենց մէջ եւ չափազանց կառչած օրէնքին։ Սակայն Պօղոս Առաքեալ հակառակ էր այդ կեցուածքին։

Ժողովին մէջ հարցը կը քննարկուի՝ եղբայրական հոգիով։ Ժողովի մասնակիցները կ’ընտրեն աղօթքի եւ երկխօսութեան ճանապարհը՝ առանց թշնամանքներու։ Ահա այս էր Սուրբ Հոգիին գործը՝ հոն չկային թշնամանք եւ մեղադրանքներ։

“Ժողովի աւարտին՝ որոշումը կը կայանայ համերաշխութեամբ”, ընդգծեց Սրբազան Պապը։ Այս որոշումի հիման վրայ՝ կը գրուի նամակ մը հեթանոսութենէն դարձած եղբայրներուն։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ ըսաւ՝ “Եկեղեցի մը, ուր չկան խնդիրներ՝ ինծի մտածել կու տայ՝ թէ հոն Սուրբ Հոգին այնքան ալ ներկայ չէ։ Սուրբ Հոգին նորութիւն կը բերէ, շարժումի մէջ կը դնէ եւ կը յառաջացնէ, նոր տարսծքներ կը ստեղծէ, կը ստեղծէ ա´յն իմաստութիւնը, որ Յիսուս խոստացաւ ըսելով՝ “Ան ձեզի պիտի սորվեցնէ”։”

Վերջապէս, Սրբազան Պապը շեշտեց՝ որ քրիստոնէական համերաշխութեան հոգին՝ պարզապէս բարի կամք մը չէ, այլ Սուրբ Հոգիին պտուղը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.