2015-05-08 09:28:00

Վատիկանի մէջ համերգ նուիրուած աղքատներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 14 Մայիսին (Տիրոջ համբարձման տօնին օրը ), Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ համերգ մը աղքատներու հետ եւ աղքատներուն համար որուն կէտնպատակն է` օգնութեան հասնիլ Քահանայապետի բարեսիրական մարմիններուն, ինչպէս նաեւ բարեպատեհ առիթ ընծայել ի սպաս  աւետարանութեան։ 
Համերգին իրենց գործօն մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հռոմի թեմի երգչախումբը եւ Սալերնօ քաղաքի նուաքախումբը։
Վերոյիշեալ  յայտագրով կը նախատեսուի մեծարել  ''աստուածային կատակերգութիւնը''` Տանթէ  բանաստեղծին  ծննդեան 750-րդ տարեդարձը։
Համերգը` կազմակերպուած է առաքելական մատրանապետութեան ու նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի կողմէ։ Եօթը հազար աթոռ ընդունող Պօղոս Զ սրահին մէջ, երկու հազար աղքատի նախապատուութիւն պիտի տրուի։
Կարդինալներն ու եպիսկոպոսները պիտի նստին ընչազուրկներու ետեւը։
‘’Այդ ընչազուրկներուն մէջ կը տեսնենք Յիսուսը եւ այդ պատճառաւ նախապատուութիւն պիտի տանք անոնց’’ ըսած է առաքելական մատրանապետութեան փոխ նախագահ` գերապայծառ Diego Giovanni Ravelli, մատնանշելով որ 2014-ին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ութը հազար նամակ ստացած է ընչազուրկներէն եւ մատրանապետութիւնը կարողացած է անոնց բաշխել 1,5 միլիոն եւրօ։
Նշենք որ համերգը անվաճառ է եւ ամէն անհատ կարող է երաշխաւորել իր աթոռը հետեւեալ կայքէջի միջոցաւ`   www.corodiocesidiroma.com.
Համերգին աւարտին նախատեսուած է ազատ նուիրատուութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.