2015-05-08 09:30:00

Ծերակոյտին մայիս 7ի նիստը սկսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի աղօթքով


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.– Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Մայիս 7ի նիստը սկսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին աղօթքով, որով ան Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նկատմամբ արդարութեան կոչ ուղղած է՝ նշելով. «Արդարութիւնը Աստուծոյ նուէրն է ու անոր խախտումը Աստուծոյ դէմ մեղք մըն է»։
Արամ Ա. կաթողիկոս Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ Ռոտ Այլընտէն ընտրուած ծերակուտական Ճեք Ռիտի եւ դեմոկրատ փոքրամասնութեան ղեկավար Հերի Ռիտի հետ։
Ուաշինկթընի Ազգային տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած միջկրօնական աղօթք, որուն ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Արամ Ա. եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսները, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընը: Աղօթքին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Միացեալ Նահանգներու հազարաւոր քաղաքացիներ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ օրէնսդիրներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.