2015-05-07 12:19:00

Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ Վենետիկի փառատօնի Հայաստանեան տաղաւար բացուած է


Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ Մայիս 6-ին բացուած է Վենետիկի փառատօնի Հայաստանի Հանրապետութեան տաղաւարը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով Art for The World ընկերութեան տեղեկութիւնները։

Art for The World ընկերութիւնը պատասխանատու է հայկական տաղաւարի ստեղծման աշխատանքներուն համար։ Մայիս 6-Հոկտեմբեր 18 երկարող փառատօնին ներկայացուած են 15 հայ արուեստագէտներ Սփիւռքէն:

Հայ ժողովուրդի համար խորհրդանշական հանդիսացող 2015 թ.-ին, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան առաջարկով, Վենետիկի 56-րդ փառատօնին գերակշիռ պիտի ըլլայ սփիւռքահայ արուեստագէտներու մասնակցութիւնը:

Այս տարի Մխիթարեան միաբանութեան պատկանող Սուրբ Ղազար կղզիի տարածքին տեղաբաշխուած հայկական տաղաւարի պատասխանատուն է Ատելինա Չուպերեան Ֆօն Ֆիւսթենպերկը:

Ցուցադրութեան մէջ նաեւ տեղ գտած են Հայոց ցեղասպանութենէն եւ Ռուսական յեղափոխութենէն ետք ծնած 12  հայ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններ` զուիցերահայ բանաստեղծ Վահէ Կոտելի ֆրանսերէն թարգմանութեամբ:

«Հայութիւն» (Armenity) ցուցադրութիւնը կ’անդրադառնայ  տեղահանման եւ տարածքի, արդարութեան եւ հաշտեցման, քաղաքակրթական չափանիշերու եւ ճկունութիւն թեմաներուն: Անկախ իրենց ծննդեան վայրերէն, ցուցադրութեան մասնակցող արուեստագէտներու աշխատանքներուն մէջ ամփոփուած են վերջիններուս ծագումնաբանութեան յիշողութիւնը, ուր Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրածներու թոռները կը վերակառուցեն «փշրուած ինքնութիւնը»:

Հայկական տաղաւարը Լիբանանի Սփիւռքը կը ներկայացնէ Հայկ Այվազեանը` ԱՄՆ-ինը եւ Սուրիայինը` Նիկոլ Պեզճեանը, Գանատայինը եւ Եգիպոսինը“ Աննա Պողիկույեանը, Թուրքիայինը` Հերա Պիւէովկթաշեանը, Արժանթինինը եւ Գերմանիայինը` Սիլվինա Տէր-Մկրտիչեանը, Իրանինը, Պաղեստինինը եւ ԱՄՆ-ինը` Ռենէ Կապրին եւ Այրին Անաստասը, Պելճիքայինը“ Մխիթար Կարապետեանը, Յունաստանինը“ Այգաթերինի Կէսիսեանը, Իտալիայինը` Երուանդ Կիանիգեանը եւ Անժէլա Ռիչչի Լուչին, ԱՄՆ` Արամ Ճիւիլեանը, ԱՄՆ եւ Ֆինլանտա` Նինա Խաչատուրեանը, Ֆրանսայինը“ Մելիք Օհանեանը, Հայաստանն ու Իտալիայի Սփիւռքը“ Միքայէլ Օհանջանեանը, Պրազիլինը` Ռոզանա Փալազեանը, Թուրքիայինը եւ Ֆրանսայինը` Սարգիսը, Սուրիոյ եւ Մեծ Բրիտանիայի Սփիւռքը` Հրայր Սարգիսեանը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.