2015-05-07 10:05:00

Մալիի հանրապետութեան Եպիսկոպոսներու այցելութիւը սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 7 մայիս 2015-ի առաւօտեան Մալիի Հանրապետութեան եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը ժամանած էր Վատիկան ուր` հնգամեայ կանոնական այցելութիւններու ծիրէն ներս հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ որ եպիսկոպոսներուն յանձնեց գրաւոր ճառ մը որուն մէջ անդրադարձաւ տեղական եկեղեցւոյ հարցերուն, երկրին անկայուն կացութեան, եպիսկոպոսական դասի յանձնառումին ի սպաս հաշտութեան եւ կրօնական երկխօսութեան, հրաւիրելով միաժամանակ շարունակել պայքարիլ ''անհանդուրժողականութեան'' եւ ''մեկուսացումի'' երեւոյթներուն դէմ, վկայելով Քրիստոնէական հաւատքը եւ Աւետարանի արժէքները։

Սրբազան Հայրը մատնանշեց ապա հաւատացեալներու ''կազմաւորումի'' կարեւորութեան եւ այս ծիրէն ներս հմուտ կրօնուսոյցներ ունենալու հարկաւորութեան` ի սպաս աւետարանութեան։ Ան ապա շեշտեց ''Ընտանիքի'' կառոյցի պաշտպանութեան կարեւորութիւնը ու այս ծիրէն ներս կնոջ դերակատարութեան արժէքաւորումը։ Գրաւոր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը խօսեցաւ Քահանայական կոչումներու մասին եւ այս առընչութեամբ եպիսկոպոսներուն հոգատարութեան ու պատասխանատուութեան։  

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա քաջալերեց եպիսկոպոսները յանձնառումով շարունակելու իրենց վեհանձն առաքելութիւնը հակառակ դժուարութիւններուն եւ խոչընդոտներուն, անոնց ու բոլոր հաւատացեալներուն վստահեցնելով իր մօտիկութիւնն ու աղօթքը ու խնդրելով որ իրենց կարգին աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.