2015-05-07 09:12:00

Հայաստան՝ ապրելու լաւագոյն երկիրներու շարքին։


Social Progress Imperative կազմակերպութեան կայքին վրայ նշուած է, որ Հայաստան կը գրաւէ 61րդ դիրքը 2014ի ընկերային յառաջընթացի ցուցանիշով կեանքի համար լաւագոյն երկիրներու ցանկին մէջ։
Վարկանիշը կազմելու համար ուսումնասիրուած է 133 երկիր, իսկ ցանկին մէջ ներառուած է 68 պետութիւն: Նախկին Խորհրդային միութեան երկիրներէն ցանկին մէջ ներառուած են նաեւ Վրաստանը (60րդ հորիզոնական) եւ Ուքրանիան (62): Ատրպէյճան չկայ այդ ցանկին մէջ։
Ընկերային յառաջդիմութեան ցանկը կը գլխաւորէ Նորվեկիան, ապա Շուէտը, երրորդ դիրքի վրայ՝ Զուիցերիան։
Ընկերային յառաջդիմութեան ցուցանիշը կը ճշդէ հասարակութեան բարեկեցութիւնը՝ ըստ երեք չափորոշիչներու. մարդու հիմնական պահանջները (սնունդ, ջուր, օթեւան, անվտանգութիւն), բարեկեցութեան հիմքերը (տարրական կրթութիւն, տեղեկատուութիւն, առողջապահութիւն եւ կայուն շրջական միջավայր) եւ կարելիութիւններ (մարդու իրաւունքներու պահպանում, ընտրութեան ազատութիւն, ազատութիւն խտրականութենէն, ինչպէս նաեւ բարձրագոյն կրթութեան նկատմամբ հասանելիութիւն):








All the contents on this site are copyrighted ©.