2015-05-07 11:41:00

''Լացիօ'' մարզական ընկերակցութեան անդամներու հանդիպումը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ


Հինգշաբթի, 7 մայիսի կէսօրին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ հանդիպեցաւ Իտալիոյ ''Լացիօ'' մարզական ընկերակցութեան՝  շուրջ՝ 7000 անդամներուն։

Այս առթիւ անոնց ուղղած խօսքին մէջ ակնարկելով ընկերակցութեան հիմնարկութեան՝ 1900 թուականին, մատնանշեց անոր անդամներուն ընկերակցութեան  բարձր գաղափարականներուն կառչած մնալու Երեւոյթին։  

1900 թուականին, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը  խումբ մը երիտասարդներ ձեռնարկեցին հիմնել մարզական  ընկերութիւն մը  եւ որուն  միջոցաւ փոխանցեցին բարոյական բարձր արժէքներ։

Ձեր բարոյական եւ մարզական ժառանգութիւնը փոխաբերական իմաստով կարելի է արտայայտել  լատիներէն լ լեզուով հետեւեալ խօսքով ՝՝համերաշխութեան մէջ փոքր գործերը կ՝աճին, իսկ անհամերաշխութեան մէջ մեծ բաները անկում կ՝ունենան։

 Ֆրանչիսկոս Պապը ապա գնահատեց Լացիօ ընկերակցութեան մարզական  բոլոր ձեռնակները  ապա Սուրբ Գիրքէն օրինակ բերելով ըսաւ ''Սուրբ Գիրքը կ՝ուսուցանէ, թէ մարդկային անձը՝  մէկ  Հոգի եւ մէկ  մարմին է, ու աւելցուց  ''ասոր համար կը քաջալերեմ ձեզի՝ մարզանքի գործունէութիւններուն առընթեր մշակել միշտ հոգեւոր եւ կրօնային ծաւալը''։

Ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամը աւարտեց, ընկերակցութեան անդամներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները յանձնելով Տիրամօր հովանիին եւ  անոնց շնորհելով իր Առաքելական օրհնութիւնները ։








All the contents on this site are copyrighted ©.