2015-05-07 10:36:00

Եւրոպայի եկեղեցիներու հանդիպումը ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Մայիս 6-էն 8-ը, Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի Հռոմի կեդրոնին մէջ տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի եպիսկոպոսներու եւ եւրոպական զանազան եկեղեցիներու միացեալ խորհուրդի տարեկան ժողովը որպէս նիւթ ունենալով` ''Ազատութիւնը եւ ազատութիւնները` քրիստոնէական մօտեցում''։

Նշենք որ Եւրոպայի եպիսկոպոսներու միացեալ այս խորհուրդի տարեկան ժողովները սկիզբ առած են 1972-ին։   

Հինգշաբթի 7 Մայիսի առաւօտեան ժամը 10-ին ժողովականները հանդիպում ունեցան ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ որուն ընթացքին անոնց արտասանած խօսքին մէջ մատնանշելով խորհուրդի գործունէութեան ի սպաս համամիութեան Եւրոպայի մէջ, Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ ''Եւրոպայի մէջ Քրիստոնեաները իրարու դէմ պայքարեցան երկար տարիներու ընթացքին։ Այսօր փառք Աստուծոյ կացութիւնը փոխուած է եւ համամիութենական շարժումը առիթ ընծայեց եկեղեցիներուն եւ եւրոպական եկեղեցական հասարակութիւններուն, մեծ քայլեր ընելու դէպի հաշտութիւն եւ խաղաղութիւն''։

Ֆրանչիսկոս Պապը  ապա ակնարկեց` 2001-ի Սթրազպուրկի մէջ շարադրուած '' Charta Oecumenica'' Համամիութենական համաձայնագիրն, որ է պտուղը համագործակցութեան ընդմէջ Եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասին եւ Եւրոպայի Եկեղեցիներու խորհրդաժողովին։ Ան խօսեցաւ ապա վատիկանեան տիեզերական ժողովի ''Unitatis redintegratio'' միութեան վճրագիրի մասին` յոյս յայտնելով որ ապագային եւս չի պակսին առիթներ միասնական խորհրդածութիւններ կատարելու եւ միասնական պատասխաններ ընծայելու` ընկերութիւնը յուզող հրատապ հարցերուն որոնց շարքին` խօսքի ազատութիւնը, գաղթականութեան երեւոյթը, քրիստոնեաներու հալածանքը....։

''Եւրոպայի քրիստոնեաները պարտականութիւնն ունին աղօթքի միջոցաւ ու գործնական գետնի վրայ երաշխաւորելու երկխօսութիւնն ու խաղաղութիւնը այնտեղ ուր տեղի ունին հակամարտութիւններ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը  իր խօսքին աւարտին, ներկաներուն վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւններ ու խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.