2015-05-06 10:14:00

‘’Խաղաղութեան գործատուն’’ ծրագրի ներկայացում. Հայր Լոմպարտիի միջամտութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 5 Մայիսին յետմիջօրէին ՖԱՕ-ի Հռոմի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս ներկայացնելու համար  ''Խաղաղութեան գործատան'' ծրագիրը ու անոր պատասխանատու յանձնախումբին կազմակերպած առաջին ձեռնարկը որ տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ յառաջիկայ 11 Մայիսին եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 7 հազար մանուկներ որոնք հանդիպում պիտի ունենան ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։

Այս առաջին անգամն է որ խաղաղութեան գործատունը նման հանդիպում մը կը կազմակերպէ ունենալով որուն նպատակն է կերտել  խաղաղ աշխարհ մը։ Մանուկները  ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ կ՛ուզեն խօսիլ խաղաղութեան, սիրոյ, հիւրընկալութեան ու համարկումի մասին։ Բոլորին բաղձանքն է որ այս հանդիպումը բարի ու արդիւնաբեր պտուղներ տայ։

Վերոյիշեալ մամլոյ ասուլիսին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի բանբեր Յիսուսեան Միաբանութեան անդամ` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին որ իր ելոյթին մէջ մատնանշելով իր ներկայութեան յայտնեց թէ այդ կը  բացայայտէ  թէ ‘’խաղաղութեան գործատուն’’ մեծ դէպքին կը մասնակցի նաեւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։

Հայր Լոմպարտին ապա  հակիրճ օրէն ներկայացուց  հանդիպումին նշանակութիւնն ու նպատակը հաստատելով թէ Քահանայապետին մասնակցութիւնը այս դէպքին չի զարմացներ եւ ոչ մէկը քանի ան միշտ քարոզած է ու խրախուսած է զարգացնել ''հանդիպումի մշակոյթը''։

''Ան միշտ խօսած է հիւրընկալութեան, յարգանքի եւ երկխօսութեան կարեւորութեան մասին ու պայքարած է եսակեդրոնի, դրամի պաշտամունքի ու սեփական շահի դէմ ,  որուն անմիջական պտուղն է մեկուսացումի ու ''աւելորդի'' մշակոյթը եւ որուն անմիջական հետեւանքն է մարդկային էակի կեանքի ոտնակոխումը, սկսեալ ամէնէ փոքրիկէն, պատանիէն եւ չափահասէն մինչեւ ծերերը'' - ըսաւ Հայր Լոմպարտին ու ապա նշեց ''Քահանայապետին հանդիպումի մշակոյթի հրաւէրի  խոր իմաստը որ ըլլալու է`  իսկական  հանդիպում անհատներու միջեւ, փորձառութիւններու փոխանակում, միասնաբար ընթանալու դէպի լաւագոյն ընկերութիւն մը''։

''Հոս էական է ընդգծել որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին համար հարկաւորագոյն տեղ կը գրաւէ դաստիարակութիւնը։ Կարելի չէ բարեփոխել ընկերութիւնը եթէ չփոխենք դաստիարակութեան եղանակը''­։ ''Սրբազան Քահանայապետը երբ կը խօսի երիտասարդութեան հետ կը խրախուսէ զանոնք վար առնելու  բաժանումի պատերը ու կերտելու կամուրջներ, բաժանել հարստութիւնները, փոքրերու ու մեծերու գանձերը որ պահուած են միտքերու ու սիրտերու մէջ ու թեւեր ունենալ սաւառնելու դէպի վերերը` երազելու համար լաւագոյն աշխարհ մը, ինչպէս նաեւ ունենալ արմատներ ընկալելու ծերերու իմաստութիւնը։ Ան կը յանձնարարէ որ Դաստիարակութիւնը պէտք է միշտ փնտռէ ճշմարիտ ներդաշնակութիւն մը` խօսքի, սրտի ու ձեռքի միջեւ, որ է ըսել համադրել մտածումը, զգացումը ու գործը։ Բնականաբար ֆրանչիսկոս Քահանայապետի վերոյիշեալ պատգամը սերտօրէն առընչուած է ‘’խաղաղութեան գործատուն’’ին հետ։ Քահանայապետին համար դաստիարակութիւնը  պէտք է միացնէ ընտանիքը, դպրոցը ու հայրենիքը։ Դաստիարակութեան համար կարելի չէ փոխանորդ մը կարգել, ան բոլորին պարտականութիւնն է եւ ահա թէ ինչու Սրբազան Հայրը որպէս մշակ կ’ուզէ ներկայ ըլլալ ու մասնակցիլ խաղաղութեան գործատան  հանդիպումին ըսաւ Հայր Լոմպարտին մաղթանք յայտնելով որ  ''խաղաղութեան գործատուն'' ծրագիրը կարողանայ իր  սատարը բերել ընկերութեան բարւոքումին ի սպաս։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.