2015-05-04 10:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 3 Մայիս 2015-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան` Ուրախ Լեր Թագուհի աղօթքը որուն ընթացքին արտասանած խորհրդածութեան մէջ անդրադարձաւ օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումին ուր կը խօսուի Յիսուսի` Վերջին ընթրիքի պահուն իր աշակերտներուն ուղղած պատուէրի մասին  թէ նոյնիսկ իր մահուընէ ետք անոնք միացած պիտի մնան իրեն հետ ու առատ պտուղներ պիտի տան։ ''Ո՞րն է Յիսուսի հետ միացած մնալու նոր ձեւը'' հարց տուաւ Քահանայապետը ու պատասխանեց Յովհաննէսի աւետարանին մէջ ներփակուած խօսքերով` ''Մնացէք իմ մէջս, ինչպէս ես կը մնամ ձեր մէջ։ Ինչպէս որ ուռը չի կրնար պտուղ տալ եթէ չմնայ հաստատուած որթատունկին վրայ, այնպէս ալ դուք` եթէ իմ վրաս չէք հաստատուած։ Ես եմ որթատունկը իսկ դուք ուռը։'' (Յովհ 15, 4-5)

Եթէ մէկը միացած է Յիսուսին կրնայ ընդունիլ Սուրբ Հոգւոյն շնորհքները որոնք են` ինչպէս կ՛ըսէ Սուրբ Պօղոս ''սէր, ուրախութիւն, հաւատք, հեզութիւն, խաղաղութիւն, համբերութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, ժուժկալութիւն''։ Եւ անձ մը որ այսպիսի միութիւն մը կ՛ապրի կրնայ շատ բարիք ընել մերձաւորին եւ ընկերութեան։ Այս վարուելակերպէն ի յայտ կու գայ եթէ մէկը ճշմարիտ քրիստոնեայ է թէ ոչ – ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հաստատեց թէ ''ամէն մէկը ուռ մըն է նոյն որթատունկին եւ ամէնքս միասին կանչուած ենք տալու Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ մեր պատկանելիութեան միասնական պտուղները''։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ օգնէ վկայելու մեր հաւատքը գործով ու մտածելակերպով եւ հաւատքի ապրումով, այն գիտակցութեամբ թէ ամէնքս, մեր կոչումին համաձայն կը մասնակցինք Քրիստոսի փրկարար առաքելութեան։

Աղօթքէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները,  ապա բարի կիրակի մաղթեց անոն' խնդրելով չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.