2015-05-04 12:52:00

Սանթիակոյի մէջ Սուրբ պատարագ նուիրուած Հայ ազգի նահատակներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 3  Մայիս 2015-ին, Չիլէի Սանթիակոյի մայր տաճարի կեդրոնական խորանին վրայ զետեղուած էին երկու սրբանկարներ` Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիինը եւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ` Մարտինի Արքեպիսկոպոս Երանելի Իքնատիոս Մալոյեանինը։

Տեղւոյն Արքեպիսկոպոս Վսեմաշուք Կարդինալ Րիքքարտօ Էցցաթի Անտրելլոն, ժամը 12-ին, մատուցեց սուրբ եւ անմահ պատարագը, ի յիշատակ հայ ազգի` ցեղասպանութեան զոհ, բիւրաւոր նահատակներուն, Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին առթիւ։ 

Սուրբ Զոհին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ եւ տեղացի հաւատացեալները ինչպէսն նաեւ ՀՀ պատուոյ հիւպատոսը։

Ներկայ էր նաեւ եւ կարդինալին հետ համապատարագեց Լատին Ամերիկայի Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ գերապայծառ Վարդան  եպիսկոպոս Պօղոսեանը որուն խնդրանքով ու ջանքերով ձեռնարկուած էր արարողութիւնը եւ որ յաւուր պատշաճի խօսքը ուղղեց ներկաներուն մատնանշելով հայոց զոհաբերումին ու ներկաներէն խնդրելով որ աղօթեն 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհերուն ու նաեւ բոլոր այն ժողովուրդներուն որ այսօր եւս կը տառապին եւ թիրախ են բռնութիւններուն։

Յայտնենք որ այս 6-րդ պատարագն է որ կը մատուցուի Լատին Ամերիկայի կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցիներուն մէջ, նախագահութեամբ տեղւոյն կաթողիկէ առաջնորդին, յիշատակելու եւ մասնակից դառնալու  հայ ազգի յիշողութեան եւ պահանջատիրութեան հարիւրամեակին։ Ձեռնարկները կազմակերպուած են նաեւ նշելու եւ միանալու Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ 12 ապրիլին մատուցած պատմական արարողութեան, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.