2015-05-04 12:04:00

''Հաւատքը կեղծաւորութիւն չէ'' ըսաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 3 Մայիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Օսթիայի Թագուհի խաղաղութեան ժողովրդապետութեան կատարած այցելութեան ծիրէն ներս մատուցած ս. պատարագին ընթացքին Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ ''Հաւատքը  կեղծաւորութիւն չէ''։

Յայտնենք թէ նախքան ժողովրդապետութիւն հասնիլը, ճանապարհին վրայ, Նորին Սրբութիւնը այցելեց Երանելի ''Շառլ տէ ֆուգոյի'' հիմնած  Յիսուսի Փոքր Քոյրերուն մայրավանքը հանդիպում ունենալով միաբանութեան անդամ քոյրերուն հետ ու ապա ուղղուեցաւ հովուական այցելութեան վայր։

Օսթիայի Թագուհի խաղաղութեան ժողովրդապետութեան մէջ Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ յաջորդաբար հիւանդներու, ծերերու, երիտասարդներու եւ ընտանիքներուն հետ, որոնք այս տարի կնքել տուած են իրենց զաւակները։ Ան ապա խոստովանանքի խորհուրդը մատակարարեց մի քանի հաւատացեալներուն։

Հովուական այցելութեան ընթացքին արտասանած պատգամներուն մէջ Նորին Սրբութիւնը  խօսքը ուղղելով տարեցներուն  ըսաւ. Ընկերութիւնը պէտքը ունի տարեցներու իմաստութեան ու անոնց կեանքի փորձառութեան։ Անոնք մեզի կը հաղորդեն յիշողութիւնը մեր ժողովուրդին ու ընտանիքի կեանքին։ Յոյժ կարեւոր է ապրիլ յիշողութեամբ։ Իսկ հիւանդներուն ուղղած խօսքին մէջ ըսաւ ''Հիւանդները այնքան կը նմանին տառապող Յիսուսի։ Յիսուսի հետ միասին կը տառապին ու խաչը կը տանին։ Այդ իմաստով դուք առանձնաշնորհեալներ էք''։ ''Շնորհակալութիւն յայտնենք Տիրոջ, որ այս հասարակութեան մէջ ծերերն ու հիւանդները խնամուած են'', յարեց Քահանայապետը ու ապա պատասխանելով  երիտասարդներու հարցումներուն խրախուսեց զանոնք ուրախութեամբ  հաղորդել իրենց հաւատքի ապրումները ուրիշներուն։ Անկեղծ ուրախութիւնը, Տիրոջ մէկ շնորհքն է  որ կու գայ սրտէն եւ ոչ թէ դուրսէն։

Սրբազան Հայրը մեկնաբանելով հուսկ օրուան Աւետարանը ուր Յիսուս վերջին ընթրիքին իր աշակերտներէն կը խնդրէ որ իր հետ մնան, մատնանշեց որ քրիստոնէական հաւատքի էութիւնը Յիսուսի հետ մնալն է։ Յիսուս Բարի է եւ կը հրաւիրէ մեզ` իր հետը մնալու։ Ան մեզի ուժ կու տայ եւ եթէ մեղանչենք, որովհետեւ ամէնքս մեղաւորներ ենք, Ան մեզ կը ներէ, որովհետեւ Յիսուս բազումողորմ է։ Էականը որ մենք միշտ մնանք Յիսուսի հետ, եւ մենք կեղծաւոր չըլլանք եւ այսպէսով քրիստոնէական կեանքը յառաջ կ’ընթանայ, ի՞նչպէս. աղօթք բարձրացնելով Հօր Աստուծոյ, խնամելով հիւանդները, օգնելով աղքատները եւ ունենալով Ս. Հոգւոյ ուրախութիւնը։

Հովուական այցելութեան աւարտին նախքան հրաժեշտ առնելը եւ Վատիկան վերադառնալը Սրբազան Հայրը սիրալիր ողջոյն մը ուղղեց բոլոր անոնց որոնք չկարողացան եկեղեցի մտնել եւ դուրս մնացին տեղի պակասի պատճառաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.