2015-05-04 12:32:00

Կարդինալ Սանտրիի Իրաք այցելութիւնը կը շարունակուի։


(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի Իրաք այցելութիւնը (1-5 Մայիս)  կը շարունակուի։

Կարդինալը` անցեալ օրերուն նախ այցելեց Պաղտատ մայրաքաղաքը (1- 3 մայիս) ու կիրակի առաւօտեան հանդիպում ունեցաւ Իրաքի դաշնակցային նախագահ` Ֆուատ Մասումի հետ որուն փոխանցեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հայրական խօսքն ու օրհնութիւնը, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց Պաղտատի եւ Էրպիլի իշխանութիւններուն տածած հոգատարութեան քրիստոնեաներու ու այլ փոքրամասնութիւններուն պաշտպանութեան ի խնդիր։

Այս առթիւ Իրաքի նախագահը նորոգեց իր եւ կառավարութեան յանձնառումը ի սպաս փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ու բաղձանք յայտնեց որ Ֆրանչիսկոս Պապը մօտ օրէն կարենայ այցելել Իրաքը։

Կարդինալ Սանտրին նոյն օրը այցելեց մայրաքաղաքի ազգային թանգարանը, ուր ծանօթացաւ Իրաքի պատմական ու գեղարուեստական պատմութեան ու նախքան Էրպիլ մեկնիլը  հանդիպում ունեցաւ նաեւ Իրաքի վարչապետին հետ անոր հետ քննարկելով երկրին տագնապալից կացութիւնը ու այս առընչութեամբ ՏԱՀԵՇ-ի գործած ոճիրներն ու աւերները։ Հանդիպման ընթացքին բարձր գնահատուեցաւ Եկեղեցւոյ դերը դաստիարակչական եւ առողջապահական մարզերէն ներս։

Կարդինալ Սանտրին հաստատեց թէ Քրիստոսները կ՛ուզեն իրենց մասնակցութիւնը բերել իրենց երկրին կառուցման աշխատանքին ու ասոր համար կը կիսեն խաղաղ ապագայի ձգտումները։

Կարդինալ Սանտրին, այսօր` 4 մայիսին, կը գտնուի Էրպիլ ուր միացաւ R.O.A.C.O.` Արեւելեան եկեղեցիներու բարեսիրական մարմնի պատուիրակութեան եւ ուր առաւօտեան Քաղդէացիներու Տուհոքի եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութեան։ 

Յայտնենք թէ այս առթիւ Քիւրտիստանի զանազան վայրերուն մէջ, կազմակերպուած են աղօթքի հանդիպումներ որուն կը մասնակցին  տեղացի եւ տեղահան հաւատացեալները։

Կարդինալը յատուկէն ողջոյնի խօսք մը պիտի ուղղէ ասորի հասարակութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.