2015-05-04 10:37:00

Իրանը եւս կը մասնակցի Սուրիոյ տագնապին Ժընեւի խորհրդակցութիւններուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 4 Մայիս 2015-ին, Ժընեւի մէջ տեղի կ’ունենայ կլոր սեղան մը Սուրիոյ տագնապին շուրջ, որուն կը մասնակցի, առաջին անգամուան համար, նաեւ Իրանը, գլխաւորութեամբ ՄԱԿի ներկայացուցիչ` Staffan de Misturaյի։

Կլոր սեղանին նպատակն է միատեղ բերել Սուրիոյ ընդհարումի զանազան պատասխանատուները ու անսալ անոնց կարծիքներուն, սկիզբ տալու համար ճշմարիտ բանակցութիւններու որ հանգին իսկական խաղաղութեան։  








All the contents on this site are copyrighted ©.