2015-05-04 09:30:00

Ե. Կիրակի Յինանց Տօն Երեւման Սրբոյ խաչին


Այսօր Հայոց Եկեղեցին կը փառաբանէ խաչն ու խաչեալը Խաչի Երեւման Տօնով, որով կ’ոգեկոչուի յիշատակը Խաչի նշանին երկինքի վրայ ժամեր տեւած երեւումին, Երուսաղէմի մէջ 351-ին,  Կիւրեղ Երուսաղէմացի հայրապետի օրով:

Այս հրաշալի դէպքը, զայն կը նկարագրէ նոյնինքն Կիւրեղ Հայրապետը, Կոստանդ Կայսրին ուղղած թուղթին մէջ, զոր Ե. դարուն թարգմանուեցաւ հայերէնի եւ մեր եկեղեցիներուն մէջ ժամանակի մը համար կ’ընթերցուէր տօնի օրուայ առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին՝ կատարուող անդաստանէն առաջ: Սոյն թուղթին մէջ Կիւրեղ Հայրապետը կ’ըսէ. «Օրուան երրորդ ժամն էր, լոյսի կերպարանքով հսկայ խաչ մը երեւցաւ երկինքի մէջ, որուն մէկ ծայրը Ձիթենեաց լերան վրայ կը տարածուէր, իսկ միւս ծայրը` Գողգոթայի վրայ: Այս հրաշալի տեսիլքը, որ ժամեր տեւած է, միայն մէկ կամ երկու հոգիէ չէ որ տեսնուեցաւ, այլ գաղագին բոլոր բնակիչներուն կողմէ»: Հետեւաբար,  Երուսաղէմի բնակիչները տեսնելով խաչի նշանը, մեծ երկիւղով եւ ուրախութեամբ շտապեցին եկեղեցի: Բոլորը՝ ե՛ւ հրեաները, ե՛ւ հեթանոսները, հիացած, միաբան փառք տուին Խաչեալին եւ փառաբանեցին ամենազօր եւ ամենայաղթ Խաչը: Այդ օրը շատերը հաւատացին Քրիստոսին ու մկրտուեցան սուրբ Կիւրեղի ձեռքով: Այս իրողութեան վրայ, սուրբ Կիւրեղ Երուսաղէմացին խորապէս հաւատացած ըլլալով որ Յիսուս որպէս Լոյս, առաջին լոյս, չէր կրնար գերեզմանի մթութեան մէջ մնալ կ’ըսէ. «Կը դաւանիմ Խաչը, քանզի գիտեմ Յարութիւնը»: (Կը դաւանիմ խաչը, ցաւը, տառապանքը... քանզի գիտեմ որ յարութիւն կայ, ): Մենք հայերս խաչապաշտ ժողովուրդ ենք, եւ կը պարծենանք խաչով, եւ կ՛ապաւինինք խաչի զօրութեան որովհետեւ խաչին մէջ մեր յաղթութեան, մեր բարգաւաճումին, եւ մեր փրկութեան նշանը կը տեսնենք, ընդդէմ երկրին ու ազգին զանազան թշնամիներուն:

                Գալով այսօրուայ շինիչ եւ դաստիարակիչ խօսքերուն, կ՛ուզենք կեդրոնանալ վերջին համարին վրայ: Յիսուս` շուրջը հաւաքուած բազմութեան կ՛ըսէ. «Մի՛ դատէք երեւոյթին համաձայն, այլ արդարութեամբ»: (Ախտը, հիւանդութիւնը մադկանց- դատել երեւոյթներուն համաձայն- դատել ըսի ըսաւներուն համաձայն: Դատել անձնական շահերուն համար: Ասիկայ գերագոյն մեղքն է` անարդարութիւնը ): Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ մեր կեանքին մէջ ուղիղ կամք, մաքուր սիրտ եւ մաքուր դիտաւորութիւն ունենալու, ինչպէս նաեւ անշահախնդիր կերպով նուիրուիլ Աստուծոյ փառքին եւ մարդկութեան բարգաւաճումին:

                Ուղիղ դիտաւորութիւնը կը կայանայ ամէն բան ընելու մէջ ո՛չ թէ մարդոց, այլ` Աստուծոյ հաճոյ դառնալու համար. «Ով որ ինքն իր անունով խօսի, իր փառքը կը փնտռէ, բայց ով որ փնտռէ փառքը զինք ղրկողին անիկա ճշմարիտ է եւ խաբէութիւն չունի»: 

                Մարդոց համար գործին արժէքը կը չափուի անոր վրայ թափուած յոգնութենէն, մինչ Աստուծոյ համար գործին արժէքը այնքան կը բարձրանայ որքան մաքուր ըլլայ գործողին դիտաւորութիւնը, որովհետեւ Սուրբ Գիրքը մեզի կը սորվեցնէ թէ մարդիկ կը տեսնեն միայն արտաքինը, մինչ Աստուած կը նայի սրտին, կը քննէ երիկամունքները` այսինքն մարդուս կամքին` եւ ամբողջ էութեան: Ս. Օգոստինոս կ՛ըսէ. «Մի՛ քններ ըրած գործդ, այլ դիտաւորութիւնդ, որու համար կ՛ընես գործդ»:

                Չարչարանքն ու մահը չէ որ մեզի հայերուս հաւատքի մարտիրոս ըրին, այլ պատճառն ու դիտաւորութիւնը, որու համար կրեցինք այնքան չարչարանքներ, այնքան ցաւեր ու տանջանքներ: Այդ դիտաւորութիւնը` կրօնասիրութիւնն է, ազգասիրութիւնն է, եկեղեցասիրութիւնն է, աստուածասիրութիւնն է: Մարտիրոս ըլլալէն աւելի ի՞նչ գերազանց բան կայ: Եւ սակայն Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ. « եթէ նոյնիսկ մարմինս այրելու ելլեմ եւ սէր չ՛ունենամ` ոչ մէկ օգուտ պիտի ունենամ անկէ» (Ա. կորն. 13, 3) :

                Ահա թէ ինչու Յիսուս կ՛ազդարարէ ըսելով.  «Մի՛ դատէք երեւոյթին համաձայն, այլ արդարութեամբ», Այսինքն սիրով դատել, ողորմութեամբ դատել, անաչառ կերպով դատել: Յիսուս մեզ չի՛ դատեր երեւոյթի մը համաձայն, գործի մը կամ ձեռնակի մը յաջողութեան կամ ձախողութեան վրայ: Յիսուս չի՛ նայիր եղած գործին, այլ նոյն գործին մէջ դրուած սիրոյն եւ դիտաւորութեան մաքրութեան:

                Քննենք մեր խիղճը եւ տեսնենք թէ արդեօք մեր կեանքին մէջ իրապէս ուղիղ դիտաւորութեամբ կը գործե՞նք, կը գործենք Յիսուսի՞ յաճոյ դառնալու համար թէ մեր փառքը փնտռելու: Թո՛ղ որ մեր ամէն գործին նպատակը Աստուծոյ փառքն ըլլայ, նոյնիսկ ամէնէն հասարակ գործերուն մէջ (ուտելը, քնանալը, աշխատիլը, զուարճանալը)  սստուծածային դրոշմ տանք, որովհետեւ այս հասարակ գործերը կատարուած Աստուծոյ փառքին համար կը դառնան երկնային արժէքով ոսկիներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.