2015-05-02 15:00:00

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հովուական այցելութիւնը Հռոմի մէկ ժողովրդապետութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 3 Մայիս 2015-ի յետմիջօրէին,  ֆրանչիսկոս Պապը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի ծովեզերեայ Օսթիա շրջանին մէջ գտնուող ''Թագուհի Խաղաղութեան'' անուամբ ժողովրդապետութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապին հովուական այցելութիւնը սկիզբ կ՛առնէ ժամը 16-ին։ Այցելութեան վայր ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը կը դիմաւորեն Հռոմի տեղապահ Արքեպիսկոպոսը ` Կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինին, տեղական փոխանորդ եպիսկոպոսները եւ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը հայր Լուտովիքօ Պարպանճելօ ու անոր օգնական քահանաները։

Այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ կ՛ունենայ ժողովրդապետութեան ծխական խորհուրդներու անդամներուն հետ որոնց շարքին կրօնուսոյցները ապա կը հանդիպի, հիւանդներուն, դրոշմի եւ առաջին սուրբ հաղորդութեան  խորհուրդներուն պատրաստուող պատանիներուն ինչպէս նաեւ ժողովրդապետութեան երիտասարդական շարժումի անդամներուն, որոնք կը յատկանշեն ժողովրդապետութեան ուժն ու ապագան – յայտնած է  Հայր Պարպանճելոն հաստատելով թէ ''Ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն կը սպասենք քաջալերանքի խօսքեր վստահ ըլլալով որ անոնք պիտի խօսին մեր սրտերուն''։

Յայտնենք թէ այցելութեան ծիրէն ներս Սրբազան Հայրը մի քանի հաւատացեալներուն կը մատակարարէ ապաշխարութեան խորհուրդը հուսկ, ժամը 6-ին, պատարագ կը մատուցանէ ''Թագուհի Խաղաղութեան'' անուամբ եկեղեցւոյ մէջ։

Ուխտանուէր այս եկեղեցին, 12 Յունուար 1917-ին  շնորհուեցաւ Հռոմի կառավարութենէն, որպէս նուէր Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին, որպէսզի Ան պաշտպանէ Յաւիտենական Քաղաքը պատերազմէն։ Կարդինալ Վաննութելլի  21 Յունիս 1919-ին, օրհնեց հիմնաքարը քաղաքական բազմաթիւ անձնաւորութիւններու ներկայութեամբ։

Եկեղեցին ունի 56 մ. երկարութիւն, եւ 21 մ. լայնք։ Գմբէթը ութանկիւն է, տրամագիծը 12 մ. իսկ բարձրութիւնը 42 մ.։ Եկեղեցւոյ ճակատին վրայ զետեղուած է Պիոս ԺԱ Քահանայապետի զինանշանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.