2015-05-02 12:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց ''Հիւսիսային Ամերիկայի Քահանայապետական'' Վարժարանը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 2 մայիս 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը Կարդինալ Մարք Ոիելլէն որմէ ետք` ժամը 11-ին, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ Իզերնիա թեմի հաւատացեալներուն։

Ժամը 12.15-ին Սրբազան Հայրը այցելեց Հռոմի ''Հիւսիսային Ամերիկայի Քահանայապետական'' Վարժարանը ուր գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, խոկումի եւ խորհրդածութեան օրուան առթիւ որ նախաձեռնուած է Լատին Ամերիկայի ի սպաս Քահանայապետական յանձնախումբի եւ ''Հիւսիսային Ամերիկայի Քահանայապետական'' Վարժարանի կողմէ  որպէս նիւթ ունենալով` ''Եղբայր Խունիբերօ Սերրա, Քալիֆորնիայի առաքեալ եւ սրբութեան վկայ''։

Խորհրդածութեան այս օրուան նպատակն է տարածել ճանաչողութիւնը` Եղբայր Խունիբերօ Սերրայի կեանքին, առաքելութեան եւ սրբութեան վկայութեան, ու երաշխաւորել սուրբին հանդէպ ջերմեռանդութիւնը, ի պատրաստութիւն յառաջիկայ սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Միացեալ Նահանգներ կատարելիք ճամբորդութեան եւ սրբադասումի արարողութեան։

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ,­ Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը կեդրոնացուց ''Եկեղեցւոյ առաքելութեան'' մասին որ սկիզբ առաւ Յիսուսի առաջին աշակերտներով ու շարունակուեցաւ անոնց յաջորդներով որոնց շարքին է նաեւ Եղբայր Խունիբերօ Սերրան։ Ան­, ըսաւ Քահանայապետը, եղաւ դերակատարը Աւետարանական նոր գարունի մը եւ իր կենցաղով նոր սլացք տուաւ Միսիոնարականութեան­, յատկանշուելով Մարեմեան ջերմեռանդութեամբ ու սրբակենցաղ վկայութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց Երանելիին յատկութիւններն ու առաքելական վարքը ի սպաս Աւետարանին ու Քրիստոսի։

Քարոզի աւարտին Սրբազան Հայրը հայցեց Սուրբ Հոգւոյն պարգեւներու զեղումը ու Յարուցեալ Յիսուսէն` Պատմութեան Տիրոջմէ խնդրեց որ ամերիկեան ցամաքամասին մէջ միշտ աւելիով արմատաւորուի Աւետարանը որպէսզի Քրիստոս միշտ ներկայ ըլլայ ամէն անհատի, ընտանիքի­ ժողովուրդները եւ ազգերու կեանքէն ներս։

''Ով Տէր Յիսուս, մենք միայն քու առաքեալ աշակերտներդ ենք, քու խոնարհ համագործակիցներդ ի սպաս Արքայութեանդ'', աղօթք բարձրացուց Սրբազան Հայրը ու ապա հայցեց Կուատալուփի Տիրամօր եւ Եղբայր  Սերրանի ու ամերիկացի համայն սուրբերու բարեխօսութիւնը որպէսզի իրեն ընկերանան  հիւսիսային եւ հարաւային ամերիկաները կատարելիք հովուական ճամբորդութեան ընթացքին։ Ասոր համար  ձեզմէ կը խնդրեմ որ շարունակէք աղօթել ինծի համար։ 

''Հիւսիսային Ամերիկայի Քահանայապետական'' Վարժարանի Խորհրդածութեան այս օրը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 8.30-ին ու վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած սուրբ պատարագի արարողութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.