2015-05-02 10:09:00

Վատիկանի Սանթա Մարթա դարմանատան մէջ կարիքաւոր մայրերու հիւրընկալութեան վայր։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Քեզի համար օրրան մը կայ’’ նշանաբանով նոր սրահ յատկացուած  է կարիքաւոր մայրերու համար, Վատիկանի Սանթա Մարթա մանկաբուժարանին մէջ։

Նոր սրահին մէջ տրամադրելի պիտի ըլլան շարք մը ծառայութիւններ մայրութեան ի սպաս սկսեալ պատուաստէն մինչեւ սննդառութիւն։

Յղի կիները կարելիութիւն պիտի ունենան պատրաստուելու ծննդաբերութեան,  հետեւելով սննդառութեան, առողջապահութեան կանոններու ու խնամքի վերաբերեալ դասընթացքներու։ Մանկաբուժարանի նոր սրահին բացումը կատարեց գերապայծառ Fernando Vérgez ընդհանուր քարտուղարը Վատիկանի կառավարչատան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց կամաւորներուն, որոնք իրենց առօրեայ նուիրումով օգնութեան կը հասնին մանուկներուն։

Յայտնենք որ այս դարմանատունը 90 տարիէ կը գործէ եղբայրօգնութեան կրօնաւորուհիներու ղեկավարութեամբ։ Շաբաթական աւելի քան 50 կամաւոր բժիշկներ հերթաբար օգնութեան կը հասնին կրօնաւորուհիներուն։

14 Դեկտեմբեր 2013-ին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այցելեց մանկաբուժարանը եւ ապա Պօղոս Զ սրահին մէջ ընդունեց բուժարանի կամաւորներն ու մանուկներու պարագաները։








All the contents on this site are copyrighted ©.