2015-05-02 08:55:00

Մոսթարի եպիսկոպոսի նամակը Պապին Սարայեվօ կատարելիք այցելութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 6 Յունիսին ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Sarajevo կատարելիք այցելութեան առթիւ թեմին առաջնորդը գերապայծառ Ratko Peric նամակ մը ուղղած է հաւատացեալներուն  ու կղերին խնդրելով բոլորին մասնակցութիւնը բացօթեայ պատարագին, որ տեղի պիտի ունենայ քաղաքի մարզադաշտին մէջ. Ան ապա կը գրէ` բոլորս կանչուած ենք  աղօթք կատարելու Քահանայապետի դիտաւորութեան համար։ Անոր այցելութիւնը բոլորիս համար պիտի ըլլայ նշան քաջալերանքի ու եղբայրակցութեան եւ խմոր մը խաղաղութեան, երկխօսութեան ու բարեկամութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.