2015-05-02 08:50:00

Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախաձեռնութեամբ­, հոգեհանգստեան սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ Արժանթինի մայրաքաղաք` Պուէնոս Այրեսի մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումի 100ամեակին առիթով։ 

Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահութիւնը հրաւիրեց` Կաթողիկէ Հայերու առաջնորդ` արհիապատիւ Վարդան եպիսկոպոս Պօղոսեանը հանդիսապետելու Ս. Պատարագի զոհին։ Այս առթիւ իր արտասանած քարոզին մէջ, գերապայծառ Պօղոսեան բացայայտեց ծիսակատարութեան խորին նշանակութիւնը` Հայ ժողովուրդին նախ ջուրի  եւ ապա արեան երկու մկրտութիւններու ընդմէջէն։։

Առաջինը ջուրի մկրտութիւնը` 301 թուականին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ձեռքով, իսկ երկրորդը` 451-ին, արեան մկրտութիւնը Վարդանանց պատերազմի ընթացքին, ի պաշտպանութիւն քրիստոնէական հաւատքին` կռապաշտ պարսիկներու դէմ­, վասն կրօնի ու հայրենեաց։

Աւելի քան 100 եպիսկոպոսներու ներկայութեամբ Գերապայծառ Պօղոսեան մատնանշեց թէ ո՜րքան հայ ժողովուրդը կապուած է խաչին, Հայաստանի ամբողջ տարածքին վրայ խաչքարեր զետեղուած են - ըսաւ Ան  ու աւելցուց - Խաչը անբաժան մէկ մասն է հայ ժողովուրդի ծէսին ու տառապալից պատմութեան, այնպէս որ Հայ Ժողովուրդը յորջորջուած է որպէս ''խաչապաշտ ժողովուրդ''։

Նշենք թէ այս առթիւ Աւագ խորանին վրայ զետեղուած էր նահատակ գերապայծառ Մալոյեանի սրբանկարը` երանելի հռչակուած 2001-ին Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կողմէ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.