2015-05-02 10:21:00

Իռլանդայի մէջ հալածուած Քրիստոնեաներուն համար յատուկ պատարագ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 2 մայիսին` Իռլանդայի մէջ յատուկ պատարագ կը մատուցուի հարստահարուած քրիստոնեաներուն համար։  Իռլանդայի  Թուամ թեմի առաջնորդը գերապայծառ Fernando Vérgez 2 մայիս յետմիջօրէին հոգեհանգստեան պատարագ կը մատուցանէ ի յիշատակ ծայրայեղ մահմետականներու ձեռքով Արեւելքի մէջ սպաննուած քրիստոնեաներուն։ Ան ցաւով յայտնեց որ Արեւմուտքը լուռ կը մնայ քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած հարստահարումին, հալածանքին ու ջարդին։ Առաջնորդը հաւատացեալներէն խնդրեց աղօթել Արեւելքի հալածուած քրիստոնեաներուն համար եւ քաջալերեց Իռլանդայի կառավարութիւնը ճնշումներ բանեցնելու Եւրոպական Միութեան վրայ որպէսզի մօտէն հետապնդէ Միջին Արեւելքի  քրիստոնեաներու հարցը։
Միւս կողմէ Տապլինի արքեպիսկոպոս` Մայքըլ Ճէօֆրի յայտնած է, որ տակաւին ուշ չէ, որ աշխարհը վերջապէս ընդունի Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը: 
«Մենք յոյս ունինք եւ կ՛աղօթենք, որ աշխարհը վերջապէս տեսնէ անպատասխան մնացած հարցումներուն անդրադառնալու անհրաժեշտութիւնը եւ այն, որ տակաւին ուշ չէ ճանչնալու ճշմարտութիւնը», ըսած է արքեպիսկոպոսը` աւելցնելով. «Ես կը յարգեմ հայ ժողովուրդը եւ կը հիանամ անով»:







All the contents on this site are copyrighted ©.