2015-05-01 12:37:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի պատգամը Միլանօ քաղաքի Expo 2015ի բացումին առիթով։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, մայիս 1ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ուղիղ եթերով լսատեսողական պատգամ մը յղեց Միլանոյի Expo 2015ի բացման առիթով։

Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ՝ “Շնորհակալ եմ, որ կարելիութիւնն ունիմ իմ ձայնս միացնելու այս բացումին այստեղ համակմբուածներու ձայնին։ Հռոմի Եպիսկոպոսին ձայնն է, որ կը խօսի Աստուծոյ Ժողովուրդին անունով, որ ուխտաւոր է ամբողջ աշխարհի տարածքին վրայ։ Բազմաթիւ աղքատներու ձայնն է, որոնք մաս կը կազմեն այս ժողովուրդին, եւ արժանապատուութեամբ կ’ուզեն ճարել հացը իրենց ճակտի քրտինքով։ Կ’ուզեմ ձայնը ըլլալ այս բոլոր մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, քրիստոնեաներուն եւ ոչ քրիստոնեաներուն, զորոնք Աստուած կը սիրէ՝ ինչպէս զաւակներ եւ անոնց համար տուած է իր կեանքը, բեկանած է հացը, որ իր մարդացեալ Որդւոյն մարմինն է։ Ան մեզի սորվեցուց խնդրել Հօրմէ՝ “զհաց մեր հանապազօր տուր մեզ այսօր”։ Այս Expoն յարմար առիթն է համաշխարհայնացնելու զօրակցութիւնը։ Աշխատինք չվատնել զայն՝ այլ արժեւորենք ամբողջութեամբ։

Յատկապէս, մեզ կը միացնէ “Սնուցանել երկրագունդը, ուժականութիւն կեանքի համար”։ Պէտք է շնորհակալ ըլլանք Տիրոջ՝ այսպիսի կարեւոր, այսպիսի էական բնաբանի մը ընտրութեան համար, որպէսզի չմնայ լոկ “բնաբան”, որպէսզի ընթանայ միշտ դիմագիծերու խղճի ուղեկցութեամբ. Միլիոնաւոր անհատներու դիմագիծերու, որոնք այսօր կը կրեն անօթութիւն եւ չեն կրնար ուտել մարդ էակի արժանավայել կերպով։ Կ’ուզեմ՝ որ սկսեալ այս օրուընէ, իւրաքանչիւր անհատ, որ պիտի գայ այցելելու Միլանոյի Expoն՝ անցնելով այն հրաշալի կրպակներէն՝ կարենայ զգալ այդ դիմագիծերու ներկայութիւնը։ Ծածկուած ներկայութիւն մը՝ սակայն իրականին պէտք է ըլլայ ձեռնարկին գլխաւոր դերակատարը։ Այր մարդոց եւ կիներու դիմագիծը, որոնք անօթի են, որոնք կը հիւանդանան եւ վերջապէս կը մահանան՝ յոյժ անբաւարար եւ վնասակար սնունդի պատճառով։

“Առատութեան յարակարծութիւն” բացատրութիւնը, որ գործածած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը խօսքը ուղղելով FAO (Food and Agriculture Organization) կազմակերպութեան (1992ի Սննդային Համագումարին արտասանուած ուղերձին մէջ), տակաւին կը մնայ՝ հակառակ կատարուած ճիգերուն եւ քանի մը լաւ արդիւնքներու։ Նաեւ Expo 2015ը, որոշ տեսակէտով, մաս կը կազմէ այս “առատութեան յարակարծութեան”, եթէ ենթարկուի վատնումի եւ մսխումի մշակոյթին եւ չնպաստէ արդար եւ կայուն զարգացման նախագիծի մը։ Արդ՝ ճիգ թափենք, որ այս Expoն ըլլայ առիթ մտածելակերպի փոխակերպումին. դադրինք մտածելէ՝ որ մեր առօրեայ արարքները՝ պատասխանատուութեան բոլոր աստիճաններուն վրայ՝ չունին ազդեցութիւն անոնց կեանքին վրայ, որոնք՝ մօտ կամ հեռու՝ կը տառապին անօթութենէ։ Կը մտածեմ բազմաթիւ այր մարդոց եւ կիներու մասին, որոնք կը տառապին անօթութենէ, եւ յատկապէս երեխաներու այն բազմութեան մասին, որոնք կը մահանան՝ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող անօթութեան պատճառով։

Կան նաեւ ուրիշ դիմագիծեր, որոնք դեր մը պիտի ունենան Expo 2015ին մէջ՝ սննդային մարզի բազմաթիւ աշխատողներ եւ հետազօտողներ։ Տէրը իւրաքանչիւրին տա´յ իմաստութիւն եւ քաջութիւն, որովհետեւ անոնց պատասխանատուութիւնը մեծ է։ Իմ մաղթանքս է՝ որ այս փորձառութիւնը գործատէրերու, վաճառականներու եւ ուսումնասիրողներու կարելիութիւն տայ՝ իրենց անձը զգալու ներգրաւուած զօրակցութեան մեծ ծրագրի մը մէջ՝ սնուցանելու երկրագունդը՝ յարգանքով իւրաքանչիւր այր մարդու եւ կնոջ հանդէպ, որ կը բնակի երկրագունդի վրայ, եւ յարգանքով կենսոլորտի հանդէպ։ Այս՝ մեծ մարտահրաւէր մըն է, որուն Աստուած կը կանչէ քսանմէկերորդ դարու մարդկութիւնը՝ դադրեցնելու չարաշահելէ այն պարտէզը, զոր Աստուած վստահած է մեզի՝ որպէսզի բոլորը կարենան օգտուիլ այս պարտէզի պտուղներէն։ Յանձն առնելով այսպիսի մեծ ծրագիր մը՝ լիուլի արժանապատուութիւն կու տայ սննդային մարզին վրայ արտադրողի եւ ուսումնասիրողին աշխատանքին ։

Եւ վերջապէս չեմ ուզեր մոռնալ Միլանոյի Expoյի յոգնաջան գործաւորները, յատկապէս ամէնէն անանունները, ամէնէն ծածուկները, որոնք նաեւ շնորհիւ Expoյին՝ ճարեցին իրենց հացը իրենց տան համար։ Ոչ մէկ անհատ պէտք է այս արժանապատուութենէն զրկուի. եւ ոչ մէկ հաց ըլլայ պտուղը՝ մարդ արարածի ոչ արժանավայել աշխատանքին։

Տէրը օգնէ մեզի՝ պատասխանատուութեամբ օգտուելու այս մեծ առիթէն։ Ան, որ Սէրն է ինքնին՝ մեզի տա´յ կեանքի “իսկական ուժականութիւնը”՝ սէրը՝ բաժնելու հացը, մեր “առօրեայ հացը”՝ խաղաղութեամբ եւ եղբայրական հոգիով։ Թող չպակսի հացը եւ աշխատանքի արժանապատուութիւնը՝ իւրաքանչիւր այր մարդու եւ կնոջ։”








All the contents on this site are copyrighted ©.