2015-05-01 11:02:00

Եգիպտոսի Սինայի ղպտիները թիրախ են ծայրայեղ մահմետականներու։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Քրիստոնեայ ղպտիները կանչուած են հեռանալու իրենց օճախներէն ու թողելու Սինայի թերակղզին եթէ կ’ուզեն փրկել իրենց կեանքը եւ եթէ չեն ուզեր ենթարկուիլ ծայրայեղ մահմետականներու նախայարձակումներուն'', կը կարդանք Ansar Beit al-Maqdis ահաբեկիչներու սպառնագիրին մէջ։ Ղպտիները ամբաստանուած են կողմնակից ըլլալու Եգիպտոսի հանրապետութեան նախագահ Abdel Fattah al-Sisi-ին։

Սինայի թերակղզիի քրիստոնեաները կառավարութենէն խնդրեցին որ բանակը օգնութեան հասնի ու պաշտպանէ հասարակութիւնն ու եկեղեցիները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.